Այսօր Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած «Հրաշափառ»ի արարողութեան աւարտին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան կարճ զրոյց մը ունեցած է Պապին հետ: Քանի մը րոպէ տեւած երկխօսութեան աւարտին Պապը ըսած է. «Հալէպը նահատակներու վկայարանն է, եւ ես պիտի աղօթեմ Հալէպի համար»: Նշենք, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, որ երէկ ժամանած է Հայաստան, կը ներկայացնէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը եւ Երեւան եկած է մասնակցելու Հռոմի Պապի հայաստանեան այցին:


