image

Պիտի Աղօթեմ Հալէպի Համար. Ֆրանչիսկոս Պապ (Լուսանկարներ)

Պիտի  Աղօթեմ  Հալէպի Համար. Ֆրանչիսկոս Պապ (Լուսանկարներ)

Այսօր  Սուրբ Էջմիածնի  մէջ  տեղի ունեցած «Հրաշափառ»ի արարողութեան  աւարտին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան  կարճ զրոյց մը ունեցած է Պապին հետ: Քանի մը րոպէ տեւած  երկխօսութեան աւարտին Պապը  ըսած է.   «Հալէպը նահատակներու վկայարանն է, եւ ես պիտի աղօթեմ  Հալէպի համար»: Նշենք, որ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, որ երէկ ժամանած է Հայաստան, կը ներկայացնէ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը   եւ  Երեւան եկած է մասնակցելու  Հռոմի Պապի  հայաստանեան  այցին: