image

Փաշինեան եւ Յարութիւնեան այցելած են Կաշէնի համալիր

Փաշինեան եւ Յարութիւնեան   այցելած են  Կաշէնի  համալիր

Աշխատանքային այցով Արցախի Հանրապետութիւն գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԱՀ նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ այցելած է «Պէյս Մեթըլս» ընկերութեան Կաշէնի լեռնահանքային համալիրը: Վարչապետն ու ԱՀ նախագահը ընկերութեան ղեկավարներու ուղեկցութեամբ շրջայց կատարած են համալիրէն ներս, ծանօթացած իրականացուող աշխատանքներուն, ընկերութեան գործունէութեան ու առաջիկայ ծրագիրներուն:  Այս մասին կը տեղեկացնէ վարչապետ Փաշինեանի աշխատակազմը։

 

Նշուած է, որ «Պէյս Մեթըլս»-ը կը հանդիսանայ Արցախի ամէնէն խոշոր արտադրական միաւորումներէն մէկը, որու գործունէութեամբ շարք մը ոլորտներէ ներս կ'իրականացուին նաեւ տարբեր ծրագիրներ: Եւ որ արտադրութիւնը կ'իրականացուի բնապահպանական արդի չափանիշներուն համապատասխան արդիւնաբերական սարքաւորումներով:

 

Շրջայցի աւարտին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին, ընկերութեան ղեկավարները մանրամասնօրէն անդրադարձած են հանքանիւթի արտադրութեան գործընթացին եւ արդիւնաբերութեան ոլորտէն ներս ընկերութեան զարգացման հեռանկարներուն: