image

Պէյրութահայ Անի Պօղոսեանը կարիք ունի մեր օգնութեան (Տեսանիւթ)

Պէյրութահայ  Անի Պօղոսեանը   կարիք ունի մեր օգնութեան (Տեսանիւթ)

Լիբանանեան «Ալ Ժատիտ»  կայանը  կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած է պէյրութահայ  տիկնոջ մը մասին,  ուր ան,  ներկայացնելէ ետք  իր   ունեցած առողջապահական   բարդ   վիճակը, կը  հայցէ     բարեգութ  մարդոց  օգնութիւնը:

Անի  Պօղոսեան, որ    կը տառապի   կուրծքի   քաղցկեղէ, նաեւ ըսած է, որ  իր ամուսնոյն մահէն  ետք     կատարած է բժշկական  քննութիւններ ու  ապա իր մօտ յայտնաբերուած է   այդ չարորակ  հիւանդութիւնը: «Սկիզբը   բուժում  ստանալու սկսայ, սակայն   մեր դրամական  վիճակը շատ  ծանր էր ու  ստիպուած  եղայ  կեցընել   բուժումները»:

Արաբերէնով  պատրաստուած  տեսանիւթին մէջ  նոյնպէս  կը խօսի  անոր դուստրը, որուն  համար ալ  հիւանդ հայուհին,   ծանր  յուսախաբութիւններ ապրելէ   ետք ալ մերժած է (ըստ  պատմածին)  վերջ  տալ իր կեանքին:

Նշենք, որ «Արեւելք» որոշ  վերապահութիւններով է, որ կը  ներկայացնէ  այս լուրը,  տրուած  ըլլալով, որ ասկէ առաջ   ալ  նման   լուրեր  հրապարակելէ  ետք    պարզուած  են այնպիսի   հանգամանքներ, որ   մեզ ալ    դրած են  բաւական    դժուար  իրավիճակներու  առջեւ:

Լիբանանահայ   գաղութը   կազմակերպուած ու աշխոյժ     համայնք մըն է, ու կը  յուսանք, որ Անի  Պօղոսեանին   պարագան  արդիւնք է         սովորական  մոռացութեան մը  եւ ոչ աւելին:

Դիտելու համար  տեսանիւթը  սեղմել՝  այստեղ: