image

Խրիմ ենթարկուած է յարձակման. Ռուսիան ոչնչացուցած է ուքրանական 239 ԱԹՍ

Խրիմ ենթարկուած է յարձակման. Ռուսիան ոչնչացուցած է ուքրանական 239 ԱԹՍ

 

Հակաօդային պաշտպանութեան հերթապահ միջոցներով ոչնչացուած են ուքրանական օդանաւային տիպի 239 անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ)։ Այս մասին հաղորդած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Անցեալ գիշերուան ընթացքին ՀՕՊ-ի հերթապահ միջոցներով որսացուած եւ ոչնչացուած են ուքրանական օդանաւային տիպի 239 անօդաչու թռչող սարքեր՝ Աստրախանի, Պելկորոտի, Պրիանսքի, Քուրսքի, Օրեոլի, Ռոսթովի մարզերուն, Քրասնոտարի երկրամասի, Խրիմի Հանրապետութեան, Ատըկէայի Հանրապետութեան տարածքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Ազովի եւ Սեւ ծովերու ջրատարածքներուն վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ուքրանական ԱԹՍ-ներու յարձակման հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է, յայտնած է Ռուսիոյ կողմէ նշանակուած՝ բռնակցուած թերակղզիի ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնովը։

«Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ԱԹՍ-ներուն կողմէ Քերչի թերակղզիին դէմ գործադրուած յարձակման հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է, իսկ 28 հոգի՝ վիրաւորուած», յայտնած է Սերկէյ Աքսիոնովը։