image

Նարեկ Կարապետեանը Քննչական կոմիտէի դէմ հայց ներկայացուցած է

Նարեկ Կարապետեանը Քննչական կոմիտէի  դէմ հայց  ներկայացուցած է
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանը դատի տուած է Քննչական կոմիտէն:

Ըստ «Դատալեքս»ի՝ Արթուր Պօղոսեանի ղեկավարած կառոյցէն Կարապետեանը կը պահանջէ հերքել իր հասցէին եղած յայտարարութիւնն ու զրպարտութեան համար վճարել մէկ դրամ:

Քաղաքացիական դատարանն օրերս վարոյթ ընդունած է հայցադիմումը:

Ընդդիմադիրը Կարապետեանը դիմումի մէջ յիշատակած է յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ժամանակ իր հասցէին եղած իրաւապահներու յայտարարութիւնը, թէ «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի պատգամաւորի թեկնածուն թաքցուցած է պաշտօնատար անձի կարգավիճակ ձեռք բերելուն խոչընդոտող՝ օտարերկրեայ քաղաքացիութիւն ունենալու մասին տեղեկութիւնը»:

Կարապետեանը դատարանէն կը խնդրէ քննել ու պատասխանատւութեան ենթարկել Քննչականը այս «զրպարտութեան» համար եւ հերքման հետեւեալ բնագիրը հրապարակել եւ մէկ ամիս պահպանել Քննչականի պաշտօնական կայքէջի, Ֆէյսպուքի եւ Թելեկրամի հարթակներուն վրայ.

«Հերքում՝ Նարեկ Կարապետեանի հասցէին կատարուած զրպարտութիւն հանդիսացող տեղեկութեան վերաբերեալ». «Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն 20.05.2026 թուականին հրապարակում է կատարել «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի առաջին համար Նարեկ Կարապետեանի վերաբերեալ, որով ներկայացուել է սուտ տեղեկութիւն, որի միջոցով վերջինիս է վերագրուել այնպիսի փաստ, որը չի համապատասխանել իրականութեանը եւ կապ չի ունեցել վերջինիս հետ։ Հրապարակային տեղեկացնում ենք, որ այդ տեղեկութիւնն ամբողջութեամբ եղել է զրպարտչական, սուտ եւ անհիմն, որի համար Հայաստանի Հանրապետութեան քննչական կոմիտէն ներողութիւն է խնդրում»:

Դատական նիստի օրը դեռ յայտնի չէ: