image

Ափ մը խօսք՝ լեռ մը դատողութիւն

Ափ մը խօսք՝ լեռ մը դատողութիւն

-Տիկի՛ն, այս շունը քո՞ւկդ է:

-Ո՛չ, իմս չէ, բայց ո՞վ այս մեծ շունը այսպէս ազատ ձգած է: Վիզին օղակէն եւ փաս- փայլուն մազերէն յստակ է, որ անտէր շուն մը չէ, այլ՝ խնամուած պահակաշուն մը: 

Յանկարծ թաղին ծայրէն երկրորդ շուն մը յայտնուեցաւ, նմանօրինակ տեսքով, չափով, վիզի օղակով եւ իր ընկերոջը միացաւ: Պահ մը շատ վախցայ մտածելով, որ  այս հսկայ երկու շուները, եթէ վրաս յարձակին, իմ հետքէս ոչինչ կը մնայ: Շուարումս ու վախս տեսնելով անծանօթը ըսաւ. «Մի՛ վախնար, Տիկին, միտքդ հանգիստ քալէ, մի՛ վախնար»:

Տղամարդուն՝ «մի վախնար»ը եւ խաղաղ ժպիտը այնքան խրախուսեցին զիս, որ անվախ, ու հաստատ քայլերով  ճամբաս շարունակեցի։ 

Երբեմն պարզ դէպք մը խոհերու լայն դուռ մը կը բանայ: Որքա՜ն հաճելի է լսել դրական խօսք մը, նեղութեան պարագային յուսադրող հաստատում մը, հոգատար արտայայտութիւն մը, որ կրնայ կախարդական գաւազանի մը դերը խաղալ եւ փարատել անհատի մը մտահոգութիւնը, վախը եւ անապահովութեան զգացումը:Դժբախտաբար յաճախ արտասանուած խօսքերը դրական ու շինիչ չեն ըլլար, այլ չարակամ ու նպատակադրուած՝ դիմացինը վիրաւորելու, ընկճելու, դատապարտելու, յուսահատեցնելու, երբեմն ալ «ողնահար փշրելու»: Վերջապէս խօսքերը փոքր հիւլէի նման են, բայց մեծ ոյժ կը պարփակեն եւ կրնան, թէ՛ բարի եւ թէ՛ չար նպատակներով գործածուիլ: 

Թէեւ Լիբանանի կացութիւնը անցնող տասնամեակներուն կայուն չէ եղած, բայց ես ու ընկերուհիս շաբաթը քանի մը անգամ մինչեւ Պէյրութ քաղաքին կեդրոնը կը քալէինք: Մեզի համար քալելը՝ թէ՛ առողջ կենսակերպ էր, թէ՛ ալ հաճելի զրուցակիցի հետ ժամանց մը, որուն ընթացքին կը բաժնեկցէինք իմաստալից յօդուածի մը բովանդակութիւնը, խորաթափանց ֆիլմի մը նիւթը, անցեալէն յիշատակներ, անձնական փորձառութիւններ եւայլն: Շատ յաճախ կ՚ըսէի. «Անի՛, հիմա եթէ հրթիռ մը իյնայ վրանիս եւ մենք վնասուինք կամ մեռնինք, հաւատա՛, որ լսողներուն մեծամասնութիւնը պիտի չցաւի, հապա պիտի մեղադրեն մեզի ըսելով. « Խելքերնին ի՞նչ փչեր է, որ այս օրերուն քալելու գացեր են»: 

Մեր շուրջը ամենօրեայ դրութեամբ ցաւալի դէպքեր կը պատահին եւ մենք  ցաւելու, կարեկցանք ցոյց տալու, անոյշ խօսք մը ըսելու փոխարէն, ժխտական կեցուածք կ՚որդեգրենք, անխղճօրէն կը մեղադրենք ու կը դատապարտենք զոհը՝ հիւանդը, արկածեալը, դժբախտացածը, նոյնիսկ մեռելներուն իրենց մահուան պատասխանատու կը սեպենք: 

-Ես չեմ զարմանար, որ այդ մարդը մեռաւ: Շատ գէր էր եւ կոկորդը շատ կը սիրէր, թէեւ  քոլեսթերոլ ունէր, բայց դեղ չէր գործածեր: 

-Ամա՛ն, ճանըմ, ինչ ըսել է անձնասպան ըլլալ, թող խելքը գործածէր: Ես ընկճախտին «տիփրեշըն- միփրեշընին»  հաւատացողը չեմ: 

-Անոր քաղցկեղին տեսակը գիրութենէն եկած քաղցկեղ է, թող ուշադիր ըլլար, ինչ պէտք ունէր այդքան գիրնալու: 

-Ամուսինը դաւաճաներ է կ՚ըսեն, բայց ինքն ալ ամուսինին չսիրաշահեցաւ։ Քիչ մը ծոյլ, քիչ մըն ալ իր վրայ- գլուխին հանդէպ փնթի էր: 

-Ո՞վ գիտէ, որքա՜ն խմած էր, որ ինքնաշարժը չկրցաւ զսպել եւ առջեւի ինքնաշարժին մտաւ։ 

-Աստուած իրեն այդ հիւանդութիւնը տուաւ, որպէս պատիժ իր գործած մեղքերուն: 

Որքա՜ն անտեղի ու անհեթեթ խօսքեր կ՚ըսուին եւ անմեղները հանրութեան տգետ դատաստանին կ՚արժանանան: Առաւել ամէն մէկ դժբախտ պատահար ոմանց համար պարարտ նիւթ եւ առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի մեծամտաբար իրենք զիրենք գովեն ու պանծացնեն:

-Ես առողջութեանս հոգ կը տանիմ, դեղերս կ՚առնեմ եւ կշիռքս «քոնթրոլի» տակ կը պահեմ:

-Ես խելքս կը մեծցնեմ եւ ջիղերուս տէր կ՚ըլլամ ։ 

-Ես տնաշէն կին եմ եւ ամուսինս սիրաշահիլ գիտեմ։ 

-Ես քսան տարիէ ինքնաշարժ կը վարեմ եւ արկածի մը չեմ հանդիպած։ 

-Ես մեղք չեմ գործեր, ամէն Կիրակի եկեղեցի կ՚երթամ եւ գլուխս լաչակով կը ծածկեմ: 

Նման խօսքերով կը մոռնան զոհը եւ իրենց  ԵՍը կ՚ըլլայ բուն նիւթը:

Թէեւ Աստուածաշունչին մէջ  յիշուած է Տիրոջ թանկարժէք պատուէրը՝ « Մի՛ դատեր, որ չդատուիս», սակայն ամէն մարդ Աւետարանէն տեղեակ չէ: Բարեբախտաբար այսօր հոգեբանները եւ դաստիարակները իրենց  խօսոյթով  կը շեշտեն, որ դատապարտելը անընդունելի երեւոյթ է եւ խնդրոյ անհատին վրայ ժխտական ազդեցութիւն կը ձգէ: Այսօր ընդանհրացած է՝ «Մի՛ դատապարտեր» (don’t judge, don’t be judgmental) խօսոյթը, բայց չեմ գիտեր, թէ հանրութեան քանի տոկոսը կը յարգէ այս թելադրանքը եւ լրջօրէն կը կշռէ իր խօսքերը: 

Անցեալին՝ երբ մենք Միջին Արեւելքի մէջ հասակ առնող մանուկներ էինք, ոեւէ անձ՝ դրացի, թաղեցի, ուսուցիչ, նպարավաճառ, փերեզակ, մեր փոքր անհնազանդութեան համար, կրնար տգեղ ու նուաստացնող ածականներով դիմել ու սաստել մեզի։ Ոչ ոք մեր իրաւունքը կը պաշտպանէր, կամ նոյնիսկ տեղեակ էր, որ ժխտական խօսքերով բռնանալը (Verbal abuse) կրնայ վնասել անհատին հոգեկան առողջութեան։ Կարծես ընդունուած էր, որ խօսքով բռնութիւնը՝ բռնութիւն չէր...։ Այսօր մօտեցումը եւ քարոզչութիւնը այլ է՝ ոչ ոքի իրաւունք կամ արտօնութիւն կը տրուի, նուաստ խօսքերով ու ածականներով դիմացինին արհամարհանք, կամ ցաւ պատճառելը։ Ամէնքս քաջատեղեակ ենք, որ Ֆիզիքական վէրքերը կը բուժուին եւ ժամանակի հետ կը սպիանան, սակայն զգացական վիրաւորանքէ առաջացած խոցերը անդարմանելի հետքեր կը ձգեն ու յաւերժ «կ՚արիւնահոսին»: 

Վերջերս բարեկամ մը աղիտալի արկած մը ունեցաւ, բարձունքէ մը վար իյնալով հիւանդանոց փոխադրուեցաւ: Անոր գլուխը վնասուած ու ընդհանուր վիճակը սոսկալի վտանգաւոր էր: Շաբաթներ վերակենդանացման բաժանմունքին (ICU) մէջ մնալէ ետք, բարեբախտաբար յիշողութեան մեծ տոկոսը փրկուած էր, բայց ան կորսնցուցած էր անհրաժեշտ յատկութիւն մը՝ անմիջական բնազդով չխօսելու, մտածածը չարտայայտելու, խօսքերը կշռելու եւ «քաղաքավարութեամբ» վարուելու կարողութիւնը։ Եթէ իր դէմը տգեղ անձ մը յայտնուեցաւ, ապա ան առանց վարանելու ըսաւ. « Որքա՜ն տգեղ ես »։ Երկար ժամեր իր քովը մնացող այցելուին. « Ելի՛ր տունդ գնա՛, շատ երկար նստեցար»: Թէեւ հիւանդին «անխոհեմաբար, կամ միամտաբար» ըսածները ճշգրիտ էին՝ զերծ շաքարապատումէ, կեղծիքէ ու շողոքորթութենէ, սակայն «ընդունուած նորմերէն» տարբեր, վիրաւորական ու ցնցող էին: Այս նոր կենցաղը հիւանդին ընտանիքին համար դժուար ղեկավարելի եւ անհանգստացնող ( embarrassing) իրավիճակ մը ստեղծեց: Եթէ այսօր Յակոբ Պարոնեանը ողջ ըլլար, պիտի ըսէր. «Մեր այս բարեկամը «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» մը ունի, իսկ ի՞նչ ըսենք անոնց, որոնք ամենայն գիտակցութեամբ եւ զգաստութեամբ այլոց վիրաւորանք ու ցաւ կը պատճառեն»:
Թէեւ քարոզչական ոճը իմ նախասիրութիւնս չէ, բայց անհրաժեշտ գտայ այս նիւթին անդրադառնալը: Զգոյշ ըլլանք եւ խուսափինք դատապարտելէ, անողոք խօսքերով բռնանալէ եւ անգութ վճիռներ արձակելէ: Դատաստանը միմիայն Աստուծոյ վայել է: Յիշենք Տիրոջ խօսքը. «Ձեզմէ ան, որ մեղք չէ գործած, թող առաջին քարը ինք արձակէ»: Խօսինք, միայն, երբ մեր ըսելիքը բարի է, շինիչ է, քաղցր է…։ Որպէս սկզբունք վերցնենք Աստուածաշունչէն հետեւեալ խօսքը. «Քաղցր խօսքերը մեղրահացի կը նմանին. անոնք անուշութիւն են հոգիին եւ բժշկութիւն՝ ոսկորներուն»։ Առակաց 16:24

 

Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան 



 

 Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Սիլվա Մահրէճեան- Իսկիկեան

Ծնած եմ Պէյրութ ընթերցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գ...