Պետական Պատասխանատուներու Այցը՝ Համագործակցութեան Նոր Հաստատումով
Համայնքային կեանքի ամրապնդման եւ պետական կառոյցներուն հետ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի խորացման ծիրին մէջ, Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանը հիւրընկալեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Փոքրամասնութեանց Գրասենեակի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու հայ համայնքի ներկայութեան, անոր բազմամեայ ներդրումին եւ ապագային ուղղուած գործակցութեան հեռանկարներուն, վերահաստատելով այն դրական եւ կառուցողական յարաբերութիւնները, որոնք տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած են երկու կողմերուն միջեւ։
Փոքրամասնութեանց Գրասենեակի Ներկայացուցիչները Կ՛այցելեն Ազգային Առաջնորդարան
Ուրբաթ, 5 Յունիս 2026-ի առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, ներկայութեամբ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համաատենապետ տիար Գրիգոր Մահսերէճեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Բագրատ Պալապանեանի, Թաղական Խորհուրդի ատենապետ տիար Յակոբ Արսլանեանի, փոխատենապետ տիար Ճօրճ Մինասեանի եւ խորհուրդի անդամ տիար Ռաֆֆի Սիմոնեանի, ընդունեց Ապու Տապիի համայնքներու եւ Փոքրամասնութեանց Գրասենեակի պատասխանատուները՝ Պրն. Ապտալլա Ալ Թնէյժի, Տիկ. Խատիճէ Ալ Սալամի եւ Պրն. Մուհամատ Ալ Հուսէյնի։
Սրբազան Հայրը ողջունեց հիւրերը եւ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց եկեղեցւոյ գործունէութիւնը, դիմագրաւուած մարտահրաւէրներն ու մտահոգութիւնները՝ շեշտելով պետական գրասենեակի եւ Ազգային Առաջնորդարանի միջեւ փոխադարձ գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ աւելի համերաշխ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով։
Այս առիթով ան բարձր գնահատեց երկրի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական եւ շինիչ կեցուածքը՝ ընդհանրապէս փոքրամասնութիւններուն եւ մասնաւորաբար հայ համայնքին նկատմամբ, նշելով, որ հայ համայնքը աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր իր դրական մասնակցութիւնը բերած է երկրի զարգացման եւ բարօրութեան գործին։ Սրբազան Հայրը նաեւ վերահաստատեց հայ համայնքի ամբողջական զօրակցութիւնն ու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու գործակցութիւնը պետական կառոյցներուն հետ։
Իր կարգին, պետական գրասենեակի ներկայացուցիչ Պրն. Ապտալլա Ալ Թնէյժի շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ հայ համայնքին՝ ընդգծելով, որ հայերը տարիներ շարունակ օրինակելի քաղաքացիներ եղած են եւ նշանակալից ներդրում ունեցած են տարբեր մարզերու մէջ։ Ան բարձր գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի համագործակցային ոգին եւ պատրաստակամութիւնը՝ միասնաբար լուծումներ որոնելու համայնքային հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։
Հանդիպման աւարտին, Սրբազան Հայրը պետական ներկայացուցիչին նուիրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի «The Armenian Church» հատորի արաբերէն օրինակը, ապա հիւրերը շրջեցուց համալիրին մէջ։




