Նիւ Եորքի Պրուքլին թաղամասին մէջ խոշոր հրդեհ բռնկած է պատմական յուշարձան համարուող՝ 173-ամեայ եկեղեցւոյ մէջ։ Արագօրէն տարածուող հրդեհին հետեւանքով եկեղեցւոյ զանգակատունը փլուզած է։
«Արմէնփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին կը յայտնէ New York Post-ը՝ յղում կատարելով Նիւ Եորքի հրշէջ ծառայութեան։
Հրդեհը բռնկած է կէսօրէ ետք ժամը 1։20-ի շուրջ, Սաութ Պուշուիքի Վերափոխեալ (Reformed) եկեղեցիին մէջ՝ Պուշուիք պողոտային եւ Հիմրոտ փողոցին մօտակայքը։ Տարածուած տեսանիւթերուն մէջ կ՚երեւի, թէ կրակն ու թանձր ծուխը տարածուած են շինութեան զանգակատան բաժինէն։
Դէպքի վայր մեկնած են շուրջ 190 հրշէջ եւ շտապօգնութեան աշխատակիցներ։ Նիւ Եորքի հրշէջ ծառայութեան համաձայն՝ կրակը մարուած է կէսօրէ ետք ժամը 3։35-ի սահմաններուն։ Հրդեհին պատճառը տակաւին կը քննուի։
Կը հաղորդուի, որ հրդեհաշիջման աշխատանքներուն ընթացքին հրշէջներէն մէկը թեթեւ վնասուածք ստացած է։ Ան տեղւոյն վրայ բուժօգնութիւն ստացած է եւ հրաժարած է հետագայ բժշկական օգնութենէ։
Եկեղեցին կառուցուած է 1853-ին եւ կը համարուի Նիւ Եորքի պատմական կարեւոր յուշարձաններէն մէկը։