17 մայիսին Ասատի Սոչի կատարած անակնկալ այցէն ու Փութինի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, ամերիկեան «Bloomberg» գործակալութիւնը յօդուածով մը անդրադարձած է այցելութեան, յայտնելով, որ Սուրիա մերժած է ընդունիլ Ասատի ազդեցութիւնը սահմանափակող նոր սահմանադրութեան նախագիծը:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, Ռուսիոյ կողմէ առաջարկուած նախագիծը երեք կէտ կը պարունակէր, որոնք անընդունելի էին Սուրիոյ համար:
Անոնցմէ առաջինը Սուրիոյ կառավարութեան որոշ ուժային կառոյցներու ապակեդրոնացումն է, երկրորդը՝ նախագահի գահակալման ժամանակաշրջանը սահմանափակելը՝ երկու իրերայաջորդ նստաշրջանով, որոնցմէ իւրաքանչիւրի տեւողութիւնը պէտք է ըլլայ 7 տարի: Սուրիոյ համար Սահմանադրութեան նախագիծի երրորդ անընդունելի կէտը այն է, որ խորհրդարանը լիազօրուած պիտի ըլլայ Ասատը նախագահական աթոռէն հեռացնելու:
Աղբիւրին համոզմամբ, թէեւ Սուրիոյ կառավարութիւնը, Իրանի եւ Ռուսիոյ աջակցութեամբ, յաջողեցաւ ազատագրել երկրի խոշորագոյն հատուածը, սակայն ճգնաժամի մօտակայ լուծման հաւանականութիւնը շատ քիչ է, մանաանդ, որ ԱՄՆ եւ իր դաշնակիցները կը շարունակեն պահանջել Ասատի հեռացումը, շեշտելով, որ պիտի չմասնակցին Սուրիոյ վերաշինութեան, եթէ վերջինս շարունակէ կառավարել երկիրը: