image
Հրատապ լուրեր:

Պայմանագրային զինուոր մը մահացած է

Պայմանագրային զինուոր մը մահացած է

 

8 Փետրուարին, ժամը 12.40-ի սահմաններուն, ՀՀ հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ յանկարծամահ եղած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Էտուարտ Կառլէնի Կիրակոսեանը (ծնած 1994թ. ԶԶՀԾ Տաւուշի ՄՏՍ): Կը կատարուի քննութիւն:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցաւակցութիւն յայտնած է Էտուարտ Կիրակոսեանի ծնողներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

ՀՀ պետական սահմանի հայ-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով իրավիճակը փոտրուար 8-ին եւ 9-ին փոփոխութեան չէ ենթարկուած, սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ ԱԱԾ-էն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու պատասխանատւութեան տակ գտնուող հատուածներուն մէջ, մասնաւորապէս, Գորիս-Կապան միջպետական ճանապարհի Որոտան-Դաւիթ Բեկ հատուածին, սահմանային միջադէպեր չեն արձանագրուած:

ՀՀ զինուած ուժերու եւ ԱԱԾ սահմանապահ զօրքերու ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկել սահմանային իրավիճակը սահմանագօտիի ամբողջ երկայնքով: