image
Հրատապ լուրեր:

Պաքուի մէջ հակառուսական ցոյց տեղի ունեցած է

Պաքուի մէջ հակառուսական ցոյց տեղի ունեցած է

 

Ատրպէյճանի «Մուսաուաթ» երիտասարդական կազմակերպութիւնը Ատրպէյճանի մէջ ՌԴ դեսպանատան դիմաց ցոյց կազմակերպած է, կը հաղորդէ Turan-ը:

Ցոյցի մասնակիցները կը բողոքեն Երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ «Իսքանտար-Մ» հրթիռներու կիրառման դէմ՝ Ռուսաստանէն բացատրութիւն պահանջելով: Անոնք նաեւ ռուս խաղաղապահներէն կը պահանջեն չխոչընդոտել ԼՂ-ի մէջ ատրպէյճանցիներու տեղաշարժը:

Ցուցարարներու մօտ եղած են պաստառներ գրութեամբ՝ «Ռուսաստան, ձեռքերդ հեռու Ղարաբաղէն, «Ղարաբաղը Ատրպէյճան է», «Լաչինը Ատրպէյճան է», «Իւան, գնայ տուն»: Ոստիկանութիւնը չէ միջամտած ցոյցի ընթացքին:

Ցոյցի մասնակիցները կարդացած են բանաձեւը, որուն մէջ ըսուած է, որ Շուշիի ուղղութեամբ հրթիռային հարուածը ոչ միայն Հայաստանին աջակցութեան դրսեւորում էր, այլ նաեւ յարձակում Ատրպէյճանի դէմ: