Էֆրին Պաղ. լսա՞ծ էք այս անունը. ապահովաբար` ո՛չ:
Ուրեմն` քիչ մը համբերութիւն:
Արմաւիրի մարզի Ապագայ գիւղին ոլոր-մոլոր քարքարուտ փողոցներէն շրջագայելուս ընթացքին, ուղեկցութեամբը գիւղին միակ նահատակ հերոս Յովսէփ Կիրակոսեանի հօր, ան մատնացոյց ընելով վերանորոգուած միայարկ շինութիւն մը, նշեց` թէ պոլսահայ բարերար մը, ի՜նչ մեծահոգիութեամբ եւ առատաձեռնութեամբ զայն վերածած է արդիական մանկապարտէզի: «Աստուած պահէ ու պահպանէ պոլսահայ այդ հայորդին, որ մեր երեխաներուն գեղեցիկ կառոյց մը պարգեւեց, մեր գիւղին լքեալ ու հնամենի կացարաններէն մին վերականգնեց».- յարեց որդեկորոյս Պարոն Գեղամը:
Հոկտեմբեր 28-ին, երեւութապէս աննշան, բայց խորիմաստ դէպք մը յիշատակեցին լրատուամիջոցներ: Արմաւիրի մարզպետը, Արմաւիրի եւ Գուգարաց թեմերուն առաջնորդները, Ապագայ գիւղին գիւղապետն ու գիւղին բնակիչները անհուն բերկրանքով ներկայ կ'ըլլային Արմաւիրի վերաշինուած մանկամսուրին բացման արարողութեան: Բնակիչներէն մին` ի տես շինութեան արդիականութեան, բծախնդիր ու անթերի աշխատանքին, «հրաշք» կը կոչէր զայն, ընդգծելով որ ուրիշ գիւղեր պիտի երազէին ունենալ նման անկիւն մը իրենց գիւղերուն մէջ: Նոր լուացարաններ, ջեռուցում, մահիճներ, մաքուր խոհանոց, խաղավայր, հանգստաւէտ միջավայր, միով բանիւ` իտէալական պայմաններ մանկիկներու համար եւ միտքի հանգստութիւն` ծնողներու համար:
Լուրերը նշեցին.- Էֆրին Պաղ, բնիկ պոլսեցի, ուրկէ ուր բնակարան մը կը գնէ Ապագայ գիւղէն եւ վերանորոգութեան չսկսած, կողքին կը նկատէ լքեալ շինութիւն մը եւ երբ իրեն համար կը պարզուի որ նախապէս եղած է մանկապարտէզ եւ այժմ գիւղի մանուկները զրկուած մնացած են նման պատեհութենէ, իր սեփական տունէն առաջ կ'որոշէ նախ ապահովել գիւղի մանուկներուն բարեկեցութիւնը: Եւ ահա վեհանձն քայլով մը յաջողութեամբ կը պսակէ իր նպատակը. ըստ իրեն` «յանուն հայ մանուկներու բարօրութեան, ի խնդիր երջանիկ մանկութեան»: Մանկապարտէզը իր թոռնուհիներուն անունով կը կոչուի Միլա-Փաթիլ: Այդ օր արտակարգ եռուզեռի մէջ էր ամբողջ գիւղը` անպակաս ժպիտներով եւ փոխադարձ շնորհաւորանքներով: Յուզուած է նաեւ բարեժպիտ բարերարը, որ իր սրտաբուխ զգացումները կ'արտայայտէ թրքերէնով...: Առ ի երախտագիտութիւն` Ապագայ գիւղի գիւղապետ Արտաշէս Բարսեղեան ՙԱպագայի պատուաւոր քաղաքացի՚ի տիտղոսով կը պարգեւատրէ Էֆրին Պաղը:
Այս սրտառուչ իրադարձութեան մանրամասները մտասեւեռումներս ուղղեցին երեք բառերու վրայ` ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան եւ հայրենաշինութեան:
Ազգասիրութիւնը սովորական ու ընթացիկ զգացում մըն է, որ ոեւէ անձ կրնայ սնուցանել, ունենալ ինքնագոհ եւ ինքնեկ ապրումներ: Սա ազգութեան կամ կրօնի տարբերութիւն չունի: Աւստրալիա, Գանատա, Արժանթին կամ Եգիպտոս ապրող հայ մը պէտք է ազգասէր ըլլայ` սիրելով իր լեզուն, մշակոյթը, պատմական անցեալը, եկեղեցական շարականները եւ այլն: Յաջողութի՜ւն բոլորին:
Հայրենասիրութիւնը յստակ եւ ստոյգ տարածքի մը նկատմամբ սէրն է, որ գործնականի վերածելու համար պէտք է այցելել հոն, կոխել անոր հողին վրայ, խմել ջուրն ու շնչել օդը. շփուիլ քարին, մշակոյթին, հաւատքին, ապրող ու արարող ժողովուրդին հետ. կիսել հացն ու ցաւը անոնց, խինդն ու ծիծաղը հայրենակիցներու:
Իսկ հայրենաշինութիւնը բոլորովին այլ է: Այստեղ կայ պարտականութեան եւ գիտակցութեան լուրջ կեցուածք մը: Հողին վրայ կառուցել ինչ որ բան մը` հաւատալով որ հայրենիքին մէջ կառուցուած իւրաքանչիւր արժէք յաւերժական է եւ մնայուն, սերունդներուն ժառանգուած անկորնչելի մասունք:
Վերջին տարիները նկատելի է, որ հայրենասիրութիւնը շատերու մօտ դարձած է էժան լոզունգ, խռպոտ փչոց եւ պոռոտախօսութեան անսպառ նիւթ: Յատկապէս ՙպահանջատիրութիւն՚ բառին տակ ինչպիսի՜ փերեզակներ, աճպարարներ, թեթեւսոլիկներ հայրենասիրութիւն կը բաշխեն հոս ու հոն: Նշմարելի է, որ դիմատետրի վրայ մեծ կամ պատմական Հայաստանի քարտէզը տեղադրողներուն մեծ մասը կ'ապրի Հայաստանէն հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու: Նոյնիսկ Հայաստան այցելած չեն: Ո՞վ զո՞վ կը հեգնէ: Ապրիլ 24-երուն բռունցք ճօճողներ իրենց ամառնային արձակուրդը Մարմարիս կ'անցընեն: «Կը պահանջեմ» յանկերգողներ քսան անգամ Իսթանպուլ կ'երթան` առանց անգամ մ'իսկ Հայաստան այցելելու: «Թուրք միլլէթ, էշշէք միլլէթ» գրողներ թրքերէնէ աւելի կ'ախորժին, Անթալիա կ'երազեն, փոխանակ Երեւանի մէջ թանգարան մը այցելելու կամ Եռաբլուրին մէջ ծաղկապսակ դնելու: Հայորդի մը իր տիկնոջ հետ Հայաստան կ'այցելէ, սակայն տիկինը կը բողոքէ. «աւելի լաւ չէ՞ր Իսթանպուլ երթայինք, հո՛ն կը նախընտրէի». երեւի թրքական պորտապարն ու թրքական ֆիլմերուն հերոսները աւելի ախորժելի են, քան` Երեւանի օփերան, հայկական մշակոյթը կամ թատերական կեանքը:
Զեղա՛ւ: Պահանջատիրութիւնը առանց հայրենաշինութեան ինքնախաբէութեան գագաթնակէտն է. պատրանք մը ծիծաղաշարժ: Այլեւս անիմաստ է օրօրուիլ «հոգեւոր Հայաստան»ով, «ոգեղէն հայրենիք»ով երբ ունինք իրականը, շօշափելին` իր յստակ սահմաններով: Երազային Հայաստանով գինովնալու փոխան` հայրենիքի շինութիւնը, մանկապարտէզներու կառուցումը, գիւղերուն կուպրապատումը, ցայտաղբիւրի մը հաստատումը, ամայի հողերուն մշակումը, քար քարի վրայ զետեղումը, անջրդի տարածքներուն ոռոգումը, կիսաքանդ կացարաններու վերանորոգումը աւելի իրապաշտ են ու գործնական: Գեղեցիկ խօսքերով մի՛ ծածկուիք, որովհետեւ պահանջատիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը առանց հայրենաշինութեան վերացական պղպջակներ են` շուտով պայթելու պատրաստ:
Պահանջատիրութեան փերեզակներ չե՞ն այն այսպէս կոչուած հայրենասէրները, որոնք ճաշասեղաններու շուրջ թուրք կը ջարդեն, ուիսքիի դատարկուող գաւաթներու հետ` օսմանեան կայսրութիւն կը տապալեն, Հայաստանէն որքա՜ն հեռու` սրճարաններու մէջ Ջաւախքի, Նախիջեւանի, Կարսի մարզի ազատագրութեան տաք-տաք քննարկումներ կ'ընեն, հայրենաբնակ ժողովուրդին ու հայրենի պետութեան ցուցմունքներ կը բաշխեն, բայց` օտարացած զաւակներ մեծցնելու, ուծացած թոռնիկներ գգուելու չեն ամչնար. աւելին` տարիներու ընթացքին հեղ մը Հայաստան չեն երթար, չեն շօշափեր այն` ինչ որ իրականն է ու հայապատկանը:
Ժամանակը անցած չէ՞ պահանջատիրութեամբ պճնազարդուած փերեզակութեան: Մինչդեռ յամեցած չե՞նք հայրենաշինութեան գործնական քայլերու ձեռնարկումին:
Ես Էֆրին Պաղերու կը հաւատամ եւ ոչ ամպագոռգոռ մեծխօսիկներու, յորդորաբաշխ ճարտասաններու, պերճաբարբառ հռետորներու: Դժբախտաբար սակաւ են առաջին տեսակի մեր ազգակիցները, բայց բազում են երկրորդ տեսակի հայրենակիցները եւ... առաւել շատնալու հակամէտ են անոնք...:
Աւետիս Ռազմիկ/ «Արարատ»