image

Նիւ Եորքի 8 արիւնալի դէպքերէն մէկուն հեղինակը լիբանանցի է

Նիւ Եորքի 8 արիւնալի դէպքերէն մէկուն հեղինակը լիբանանցի է

Երեքշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքը ցնցեց քաղաքի բնակչութիւնը: Բեռնատար ինքնաշարժի վարորդը ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու մտադրութեամբ ընթանալով խաղաղ անցորդներուն ուղղութեամբ, ութ անձի մահուան եւ 12 անձի վիրաւորման պատճառ դարձաւ:

«Lebanon 24» կայքը տեղի ունեցած դէպքին անդրադառնալով նշած է, որ 1993 թուականէն ի վեր Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է 8  արիւնալի դէպքեր, որոնց զոհ գացած են անմեղ բնակիչներ:

Աղբիւրին համաձայն, յիշուած 8 ահաբեկչական գործողութիւններէն մէկուն հեղինակը լիբանանցի արաբ է:

1994 թուականին, լիբանանէն արտագաղթած նիւ եորքաբնակ Ռաշիտ Պազ Պրուքլինի կամուրջին մօտ կրակ բացած է ուղղափառ հրեայ ուսանողներ տեղափոխող հանրակառքին վրայ:

Դէպքին հետեւանքով մէկ անձ զոհուած է եւ 3 անձ վիրաւորուած: