Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Զմմառու դարաւոր Մայրավանքին մէջ հանդիսաւորութեամբ բացուեցաւ եւ օրհնուեցաւ նորակերտ Ձեռագրատունն ու Դիւանը՝ հայ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման կարեւոր հանգրուան մը։
Հաւաքածոն, որ կը ներառէ 2054 ձեռագիրներ եւ անգին մագաղաթեայ պատառիկներ, նոր հնարաւորութիւններ ով պիտի պահպանուի, թուայնացուի եւ գիտական ուսումնասիրութեանց առարկայ դառնայ։
Հանդիսութիւնը վերահաստատեց Զմմառու Մայրավանքին նուիրական առաքելութիւնը՝ հայ գիրի, հաւատքի եւ մշակոյթի գանձերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու գործին մէջ։
Ստորեւ այդ մասին Վանքի մամլոյ դիւանին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Զմմառու դարաւոր Մայրավանքի սրբատաշ կամարներուն ներքոյ նախագահութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Րաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի ներկայացուցիչ Վեր. Նշան Պագգալեանի, Մշակոյթի նախարարի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Չէրչեանի, Արհիապատիւ, Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ և Արժանապատիւ հայրերու , քահանաներու, Առաքինազարդ քոյրերու, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ և լիազօր դեսպան Սարմէն Պաղտասարեանի, Զմմառի գիւղապետի, Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենդարանի մեծարգոյ տնօրէն Արա Խզմալեանի եւ անձնակազմի անդամներու, նախկին եւ ներկայ պետական եւ քաղաքական գորղիչներու ազգային կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, հայկական հաստատութիւններու և վարժարաններու տնօրէններու, զանազան գրադարններու պատասխանատուներու, լրագրողներու, Մայրավանքի Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի սարկաւագ, կիսասարկաւագ եւ դպիր ժառանգաւորներու, ինչպէս նաեւ մշակութասէր հանրութեան, տեղի ունեցաւ նորակերտ «Ձեռագրատան եւ Դիւան»ի բաժանմունքի բացման պատմական յիշարժան հանդիսութիւնը եւ օրհնութեան արարողութիւնը։
Հանդիսաւոր ձեռնարկի բացումը կատարեց Մարալ Հարպոյեան. ան ըսաւ՝ «Այսօր Զմմառու Մայրավանքին մէջ կը կատարենք նորակառոյց ձեռագրատան և դիւանային բաժանմունքի բացումն ու օրհնութիւնը։ Այս նոր օճախը պարզապէս պահոց չէ, այլ հայագիտական կենդանի ակունք, որտեղ ամփոփուած են հոգեւոր ու մշակութային անգին գանձեր՝ Անտոնեան Միաբանութենէն եւ հիմնադիր Աբրահամ Ա. կաթողիկոսէն ժառանգութիւն մնացած, ինչպէս՝ Մխիթար Գօշի աշխարհի հնագոյն եւ ամբողջական օրինակ «Դատաստանագիրքը», զարդանախշերով հարուստ աւետարաններ, բժշկարաններ եւ տարբեր լեզուներով արժէքաւոր ձեռագիրներ»։ Ան եզրափակեց իր խօսքը ամփոփելով՝ «թող Զմմառը մնայ մշտավառ կանթեղ՝ ի փառս Աստուծոյ և ի պայծառութիւն հայոց ժառանգութեան»։
Արաբերէնով՝ Ժոէլ Ահմարանի բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան ըսաւ։ «Այս նիւթապաշտ ու փոխանցիկ ժամանակներուն, Զմմառը կը շարունակէ մնալ յաւիտենականութեան անսասան փարոս, հայկական մշակոյթի ամրոց և հաւատքի անթացանջ կանթեղ, ուր սրբազան խտացումով մարմնաւորուած են մեր ոսկեղենիկ մայրենի լեզուն, սուրբ գիրն ու հոգեւոր-մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը, դարաւոր շարականն ու հայոց ոգեղէն տոկունութիւնը։ Այս բաժանմունքը պարզապէս նիւթական պահոց կամ անցեալի արձագանգ չէ, այլ՝ կենդանի ակունք ու հայագիտական ներշնչարան մը»։
Գեղարուեստական յայտագրի սկիզբը, Ալէք Տօնէրեան ջութակով մեկնաբանեց Կոմիտասի Շողեր ջան մեղեդին։
Զմմառու Միաբանութեան մայրավանքի վարչական անդամ, թանգարանի, մատենադարանի, ձեռագրատան եւ դիւանի ղեկավար՝ Հ․ Նարեկ վրդ. Լուիսեան իր խօսքին մէջ խորին ակնածանքով անդրադարձաւ մատենադարանի աւելի քան երկուքուկէս դարու հոգեւոր վաստակին, 2054 ձեռագիրներու եւ անգին մագաղաթեայ պատառիկներու պահպանման նուիրական առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի հետ ռազմավարական համագործակցութեան՝ որուն փայլուն արգասիքը հանդիսացաւ Մխիթար Գօշի 1215 թուականի Դատաստանագիրքի ընդգրկումը ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի Աշխարհի յիշողութեան միջազգային շտեմարանին մէջ։
Այնուհետեւ Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն՝ Տիար Արա Խզմալեան շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ։ Ան յատուկ մատնանշեց, որ Զմմառու Մայրավանքի եւ Մատենադարանի միջեւ վստահութեան վրայ հիմնուած փոխ յարաբերութիւնները աննախադէպ են։ Վերջին երեք տարիներու ընթացքին իրականացած աշխատանքները պատմական են եւ խոստումնալից՝ ապագայի նկատմամբ։ Ան մատնանշեց, որ տնօրէնութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ, որպէսզի կարողանան օգտակար դառնալ սփիւռքի մէջ տարբեր հաստատութիւններու եւ վանքերու մէջ պահպանուող ձեռագիրները վերականգնուին ու պաշտպանուին բնութեան պատճառած արհաւիրքներէն։
Հանդիսութիւնը հարստացաւ բարձրարուեստ յայտագիրով, սոփրանօ Լիանա Մկրտիչեան ներկայացուց Մակար Եկմալեանի «Սուրբ Սուրբ»-ը եւ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն Հաւուն»-ը։ Ապա, Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Համաստեղի «Հայու Ոգին»։
Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ և Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր՝ Գերպծ. Հ Մաշտոց Թ.Ծ.Վրդ․ Զահթէրեան իր խօսքին մէջ շեշտեց՝ որ «Մենք՝ հաւատարիմ մեր նախնեաց Պատրիարքական Կղերի միաբանութեան վեհանձն հոգեւորականներուն, եւ ի մասնաւորի ի դէմս հիմնադիր՝ Աբրահամ Ա. Արծիւեանի, կը շարունակենք ըլլալ պահապաններ Հայ մշակոյթի, լեզուի, աստուածաբանական եւ մատենագրական մտքի: Մենք՝ կը շարունակենք երախտապարտ մնալ արիւն թափած մեր նահատակներու սուրբ կտակին, եւ յանձնառու՝ փոթորիկներէ, պատերազմներէ եւ գողաւազակութիւններէ փրկուած այս մատեանները հաւատարմօրէն պահելու, պահպանելու եւ ի հարկին նաեւ բացայայտելու այնտեղ անթեղուած գանձերը:
Անտոնեան Միաբանութենէն ժառանգուած եւ համալրուած Զմմառեան հաւաքածոները, հայերէն, արաբերէն, ասորերէն, լատիներէն եւ արաբերէն լեզուներով հարուստ այս ձեռագրատունը հայկական աշխարհի հոգեւոր գանձարանին մէկ պայծառ գոհարը պիտի մնայ:
Գերպծ. Մեծաւոր հայրը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Առ այդ, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը անյապաղօրէն կը շարունակէ սերտ համագործակցութիւնը Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մայր Մատենադարանի հետ, որպէսզի համաշխարհային ընդունուած կանոններու համաձայն, այս ձեռագրատունը մնայ հայ մտքի, հաւատքի ու մշակոյթի յաւերժական փարոս մը, ուրկէ ճառագայթէ նախնեաց զուլալ հաւատքը եւ անով իսկ շաղախուած լոյսն ու իմաստութիւնը»։
Զմմառու Ս. Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորները, ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտի Թորիկեանի, ներկայացուցին «Յայս Յարկ» շարականի Զմմառեան երաժշտական տարբերակը եւ Ս. Հաղորդութեան նուիրուած՝ «Որ կազմեցեր»-ը։
Հիւսիսային Ամերիկայի «Տիրամայր Նարեկի» Հայ Կաթողիկէ Թեմի առաջնորդ՝ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան փոխանձեց իր սրտի խօսքը շեշտելով՝ «Զմմառու վանքի ձեռագիրներու նոր կեդրոնին պաշտօնական բացումը կը խորհրդանշէ պատմութեան ու ապագայի միջեւ կամուրջ մը: Որպէս նախկին դպրեվանքի սան, կը յիշեմ քառասուն տարի առաջ տեղւոյն վրայ իմ կատարած աշխատանքս հոգելոյս՝ Հայր Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Ճուրեանին հետ… Ձեռագիրները պարզ թուղթ կամ մագաղաթ չեն, այլ՝ հայ նախնիներուն կենդանի ձայնը, մեր պատմութիւնն ու մշակութային գանձերը, ներառեալ գիտութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու աստուածաբանութիւնը։
Նորակերտ կեդրոնին երկու հիմնական նպատակներն են՝ անվտանգ պահպանումը, ժամանակակից ջերմաստիճանի խոնաւութեան վերահսկման ու թուային վերականգնման արհեստագիտութեան միջոցով եւ ամբողջական թուայնացումը զանոնք աշխարհի բոլոր հետազօտողներուն հասանելի դարձնելու համար։
Երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Միաբանութեանս վարչութեան, բարերարներուն, ճարտարապետին եւ բոլոր նուիրեալներուն՝ որոնք իրականութիւն դարձուցին այս տեսլականը։
Հանդիսութիւնը իր վեհաշուք լրումին հասաւ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի եւ Տիար Արա Խզմալեանի պարգեւատրման արարողութեամբ՝ ի գնահատանք անոնց ներդրած աննախընթաց աւանդին եւ ազգանուէր ծառայութեան։
Ապա Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Զմմառու Մայրավանքի Մեծաւոր Գերպծ.ը, Տիար Արա Խզմալեան և բոլոր հիւրերը ուղուեցան դէպի նորակերտ Ձեռագրատան և Դիւանի բաժանմունք ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացման արարողութիւնը եւ օրհնութիւնը։ Ներկաները առիթ ունեցան նաեւ վայելելու այս առթիւ յատուկ կազմակերպուած մի քանի նշանաւոր ձեռագիրներու ցուցադրութիւնը։
Աւարտին, Մայրավանքի «Մեսրոպ Ճուրեան» սրահէն ներս մասնակցեցան կոկիկ հիւրասիրութեան կիսելով պատմական այս օրուան խորհուրդը։
Հանդիսութիւնը դարձաւ գեղեցիկ առիթ մը՝ ազգային, հոգեւոր ու մշակութային գործիչներու, հայագէտներու եւ մշակութասէր հանրութեան միջեւ կապերը ամրապնդելու, նորակերտ ձեռագրատան ապագայ ծրագիրներուն շուրջ մտքեր փոխանակելու եւ Զմմառու Մայրավանքի հիւրընկալ հարկին ներքոյ միասնականութեան բերկրանքը ապրելու:



