image

Զելենսքին պատրաստ է ընտրութիւններ կայացնելու, եթէ Ռուսիա համաձայնի 60-օրեայ հրադադարի

Զելենսքին պատրաստ է ընտրութիւններ կայացնելու, եթէ Ռուսիա համաձայնի 60-օրեայ հրադադարի

Ուքրանիան պատրաստ է նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպելու, եթէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին համաձայնի 60-օրեայ ամբողջական զինադադարի։ Այս մասին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է «ABC News»-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

«Եթէ նախագահ Թրամփ իսկապէս կ՚ուզէ, որ ընտրութիւններ կատարուին, Փութինին փոխանցեցէ՛ք, որ երկու ամսուան ամբողջական զինադադար հաստատէ, եւ մենք ընտրութիւններ կը կազմակերպենք։ Անշուշտ, պատրաստ պիտի ըլլանք ընդունելու մեր ժողովուրդի՝ ուքրանացի ժողովուրդին որեւէ ընտրութիւն», ըսած է Զելենսքին։

Ուքրանիոյ նախագահին այս յայտարարութիւնը հնչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ ուքրանացի ժողովուրդին ուղղուած՝ նոր առաջնորդ ընտրելու հրապարակային կոչէն ետք։

Զելենսքին նշած է, որ պատերազմի պայմաններուն մէջ ընտրութիւններ կազմակերպելը դժուար է։

Հարցազրոյցի ընթացքին Ուքրանիոյ նախագահը անդրադարձած է նաեւ Թրամփի եւ ամերիկացի գործարար Իլոն Մասքի քննադատութիւններուն։ Մասք յայտարարած էր, թէ Զելենսքին չափը անցուցած է եւ պէտք է հրաժարի պաշտօնէն։

«Այս մարդիկը՝ Թրամփն ու Մասքը, չեն կրնար գտնել Փութինը կասեցնելու բանալին։ Որովհետեւ Փութինը կասեցնելը աւելի դժուար է, քան ուրիշներուն վրայ ճնշում բանեցնելը», ըսած է Զելենսքին։