image

Ռիատի մէջ օդային տագնապ եւ պայթումներ

Ռիատի մէջ օդային տագնապ եւ պայթումներ

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ Սեպտեմբեր 19-ի վաղ առաւօտեան պայթումներ լսուած են՝ երկրի քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութեան կողմէ «թշնամական օդային սպառնալիքի» մասին նախազգուշացումէն ետք։

Ինչպէս կը հաղորդէ Associated Press գործակալութիւնը, արտակարգ իրավիճակի մասին նախազգուշացումներ տարածուած են նաեւ Սէուտական Արաբիոյ շարք մը այլ շրջաններու մէջ։ Ռիատի մէջ ահազանգը հնչած է երկու անգամ, որմէ ետք իշխանութիւնները յայտարարած են, որ վտանգը վերացած է։

Սէուտական Արաբիոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան ծառայութիւնը բնակիչներուն կոչ ըրած է հետեւելու անվտանգութեան ցուցումներուն, չհաւաքուելու հաւանական միջադէպի վայրի մէջ եւ չդպնալու գետին ինկած առարկաներու։ Ծառայութեան համապատասխան հաղորդագրութիւնը հրապարակուած է նաեւ անոր պաշտօնական էջին վրայ։

Տուժածներու կամ նիւթական վնասներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած։ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները չեն յայտնած պայթումներուն պատճառը եւ չեն նշած օդային սպառնալիքին աղբիւրը։

Միջադէպը տեղի ունեցած է Եմէնի մէջ հուսիներու եւ Սէուտական Արաբիոյ աջակցութիւնը վայելող կառավարական ուժերու միջեւ մարտերու սրման պայմաններուն մէջ։ Կողմերը վերջին շաբաթներուն զիրար կը մեղադրեն հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ, ինչպէս նաեւ օդային յարձակումներ կատարելու մէջ։