Ամերիկեան «The Washington Post»թերթը քննադատած է երկրի նախագահ Թրամբը, համարելով, որ վերջինս Միջին Արեւելքի մէջ իր դիրքերը աստիճանաբար Ռուսիոյ կը զիչի, ակնարկելով Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման մէջ Ռուսիոյ ստանձնած դերին, որ մեծապէս ողջունուած է Թրամբի կողմէ:
Թերթը անդրադարձած է նաեւ Մոսկուայի մէջ Փութինի կողմէ Ասատի ջերմ ընդունելութեան, շեշտելով, որ Ռուսիա յաջողութեամբ դուրս բերաւ Ասատը ռազմական պարտութենէ ու անցնող երկու տարիներու ընթացքին Արեւմուտքի կողմէ օժանդակուող ընդդիմութեան դէմ յաղթանակ տարաւ:
Թերթը համոզուած է, որ ռազմական յաղթանակէ ետք Մոսկուայի ստանձնած հաշտարար դերն ու ձգտումները նոյնպէս կ'ապացուցեն, որ վերջինս մտադիր է Ասատը պահել նախագահական աթոռին, մինչ նոր տնօրինում, բան մը, որ առաւել պիտի ամրապնդէ Միջին Արեւելքի մէջ Ռուսիոյ գոյութիւնն ու աստիճանաբար վերացնէ ԱՄՆ-ի ներկայութիւնը: Մինչդեռ, ըստ թերթին, այս բոլորին համար ամէնէն շատ հրճուողը Թրամբ է, առանց նկատի ունենալու Իրանի հզօրացման փաստը: