Չնայած ԱՄՆ պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեայի յորդորին՝ Ատրպէյճանը մինչեւ օրս կը հրաժարի վերադարձնել Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմի հետեւանքով գերեվարուած հայերը: Այս մասին Washington Post-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է յայտնի լրագրող Տէյվիտ Իկնաթիուսը:
«Եւրոպայի հարցով ԱՄՆ պետքարտուղարի օգնական Ֆիլիփ Ռիքըրը գերիներու հարցը բարձրացուցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ փետրուարին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ժամանակ՝ պահանջելով, որ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին թոյլատրեն այցելել բանտարկեալներուն: ԿԽՄԿ-ին անյապաղ շնորհուած է թոյլտուութիւն»,- գրած է հեղինակը:
Տէյվիտ Իկնաթիուսը նշած է, որ ԱՄՆ պաշտօնեաները յաջորդ շաբաթներու ընթացքին եւս հետեւողականօրէն հանդէս եկած են գերեվարուածները ազատ արձակելու կոչերով: Լրագրողը մէջբերած է Պայտընի վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկու խօսքերը, ուր ան ըսած է. «Մենք յոյսով ենք տեսնել, որ աւելի մեծ թիւով ձերբակալուածներ ազատ կ'արձակուին: Մենք չենք բանակցիր, սակայն կը յորդորենք անոնց բարի կամք դրսեւորել»:
Իկնաթիուսը յիշեցուցած է, որ հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու յորդորներուն միացած են նաեւ ԱՄՆ քոնկրէսականներ:
Յօդուածագիրը նշած է, որ հայ գերիներու հարցը զգացական տեսանկիւնէ նոր նշանակութիւն պիտի ստանայ ապրիլի վերջը՝ կապուած Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի հետ: Ան յիշեցուցած է, որ օրերս յայտնի միջազգային մեկնաբան Եան Պրեմըրը, յղում ընելով Սպիտակ տան իր աղբիւրներուն, ըսած էր, որ Պայտընը ապրիլ 24-ին պիտի ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Լրագրողը եզրակացուցած է, որ այս տարուան ոգեկոչման եւ յիշատակի միջոցառումները յատկապէս զգայուն պիտի ըլլան ղարաբաղեան պատերազմին Հայաստանի կրած պարտութեան եւ անոր յաջորդած տառապանքներու հետեւանքով: