image

Միքայէլ Մանուկեան Երեւանի քաղաքապետի ՀՅԴ թեկնածու

Միքայէլ Մանուկեան Երեւանի քաղաքապետի  ՀՅԴ թեկնածու

ՀՅԴ-ն յայտարարած է, թէ Երեւանի աւագանիի՝ 23 սեպտեմբերին կայանալիք  արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ համասնական ցուցակը կը գլխաւորէ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Միքայէլ Մանուկեան։

Երկար տարիներ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան նախքան եղած է ԱԺ պատգամաւոր։

Կուսակցութենէն տեղեկացուցած են, թէ դեռ երիտասարդ տարիներոււն զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա՝ ՀՅԴ նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած է, ապա՝ արդարացուած։

 

Զբաղած է կուսակցական աշխոյժ գործունէութեամբ՝ համակարգելով Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը: 

Յիշեցնենք, որ «Դաշնակցութեան» կարգախօսն է՝ «Միասին` յանուն Երեւանի»: