«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ,թէ նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի եւ գործակցութեան Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին այսօր Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի մեծ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի միջոցառում մը ձօնուած Աւետարանական գործիչ, աստուածաբան եւ բարերար՝ Արմենակ Յարութիւն Հայկազեանին (Ծն. 1870-ին Խարբերդ)։
Ուշագրաւ է, որ այսօր սփիւռքի տարածքին գործող միակ հայկական ՝ Հայկազեան Համալսարանը (Պէյրութի մէջ) կը կրէ վաւերական գործիչին անունը։
Միջոցառման բացումը կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան Հիմնարկի տնօրէն պատմաբան ՝ Յարութիւն Մարութեան, որ կարեւորելով միջոցառումը դիտել տուաւ, որ երախտիքի այս տուրքը ձօնուած մեծ գործիչին խորքին մէջ պարտք մը, որ կը տրուի վերյիշելով անոր թողած աւանդն ու վաւերական ներկայութիւնը։
Մարութեան նաեւ բարձր գնահատեց Հայոց Ցեղասպանութեան Հիմնարկի եւ Պէյրութի Հայկազեան Համալասարանի միջեւ, նշելով նաեւ, որ այս միջոցառումը արդիւնք է այդ համագործակցութեան։
Յարութիւն Մարութեանի խօսքէն ետք ներկաներուն իր սրտի խօսքը փոխանցեց, այս առթիւ Երեւան ժամանած Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեան։
Վերապատուելին մատնանշելով այս օրուան կարեւորութիւնը մասնաւորապէս ըսաւ ՝«Ինծի համար զգացական օր մըն է այսօրը, որովհետեւ այս տարին կը յաջորդէ հայ ժողովուրդին համար աւելի քան ծանր տարուան մը ՝ 2020-ին, որուն ընթացքին մենք ունեցած հազարաւոր զոհեր։ Ու այս օրերուն եւս անգամ մը եւս կը շեշտաւորուի զոհ , ըմբռնումը նահատակ ըմբռնումը, եւ մենք պարտաւոր ենք յարգելու ոչ միայն մեր միլիոն նահատակներուն յիշատակը, այլ նաեւ Արցախի վերջին պատերազմի նահատակներուն յիշատակը։
Պարտաւոր ենք յարգել ու խոնարհիլ, այն թարմ արեան առջեւ, որ հոսեցաւ.... յանուն մեր հողին ու հայրենիքին։ Ու կը մաղթեմ եւ կ՚աղօթեմ, որ արժէքը գիտնանք, ու տէր կանգնինք մեր նահատակներուն, մեր արժէքներուն եւ մեր ժողովուրդին»։
Ապա Վերապատուելին մանրամասն կերպով ներկայացուց Վեր. Արմենակ Հայկազեանի կենսագրական տուեալները, սկսած իր ծննդավայրէն հասնելով մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր ուսման կողքին Արմենակ Հայկազեան կարողացած է հասարակական մեծ գործունէութիւն ծաւալել, անշուշտ նպատակ ունենալով հասնիլ եւ օժանդակել Արեւմտեան Հայաստանի իր հօտի անդամներուն ու ժողովուրդին։
Վեր. Հայտոսթեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Արմենակ Հայկազեան սովորական բարերար մը, կամ գործիչ մը չէր, այլ աւելին էր ու այդ առումով ան մասնաւորապէս նշեց ՝ «Միայն նուիրատու մը չէր ան , բարերար մը չէր, այլ մտաւորական էր , աստուածաբան։ Անոր կեանքը վերջ գտաւ ճիշդ հարիւր տարի առաջ այսօրը 7 յուլիս 1920-ին իր ծննդավայր Խարբերդի մէջ, եւ մեզի համար այս յատուկ օրը նաեւ կ՚իմասատւորուի, Արմենակ Հայկազեանը յիշատակելու այս անգամ հայրենի հողին վրայ»։
Վեր. Հայտոսթեան իր խօսքի աւարտին նշեց, որ Արմենակ Հայկազեանը աւանդը նոր մարմին կը ստանար 1955 թուականին, երբ Պէյրութի մէջ կը հիմնուէր Հայկազեան համալսարանը, այդպիսով նոր վերականդանացնելով, ոչ միայն անոր անունը այլ նաեւ նոր փայլ տալով անոր մեծ աւանդին եւ ժառանգութեան։
Միջոցառման ընթացքին ցուցադրուեցաւ կարճ տեսանիւթ մը, որուն ընթացքին ներկաները դիտեցին Արմենակ Հայկազեանի թոռան սրտի խօսքը, որ արտասանուած է Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի շրջանաւարտներուն առջեւ, իսկ միջոցառման աւարտին ներկաները գլխաւորութեամբ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանին ուղղուեցան Ծիծեռնակաբերդի յուշահալամիր, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին Արմենակ Հայկազեանի, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի նոր ու հին բոլոր նահատակներու յիշատակին։