ՀՅԴ-ն յայտարարած է, թէ Երեւանի աւագանիի՝ 23 սեպտեմբերին կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ համասնական ցուցակը կը գլխաւորէ «Հայանտառ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Միքայէլ Մանուկեան։
Երկար տարիներ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան նախքան եղած է ԱԺ պատգամաւոր։
Կուսակցութենէն տեղեկացուցած են, թէ դեռ երիտասարդ տարիներոււն զինուորագրուած է հայոց ազատամարտին, ապա՝ ՀՅԴ նկատմամբ քաղաքական բռնաճնշումներու տարիներուն ակնյայտ կեղծ մեղադրանքով բանտարկուած է, ապա՝ արդարացուած։
Զբաղած է կուսակցական աշխոյժ գործունէութեամբ՝ համակարգելով Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցներու գործունէութիւնը:
Յիշեցնենք, որ «Դաշնակցութեան» կարգախօսն է՝ «Միասին` յանուն Երեւանի»: