ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում կատարած է՝ տեղեկացնելով, որ Գարեգին Չուգասզեանը դադրեցուցած է հացադուլը:
«Ուրախ եմ տեղեկացնել, որ Մատենադարանի մօտ քիչ առաջ տեղի ունեցած մեր հանդիպումից յետոյ Գարեգին Չուգասզեանը դադարեցրեց հացադուլը»,-ըսուած է գրառման մէջ։
Նշենք, որ «Հիմնադիր խորհրդարանի» նախագահ Գարեգին Չուգասզեանը, որ ձերբակալուած էր 24 ապրիլին, այնուհետեւ կալանաւորուած, հետախուզման մէջ էր 2016 թուականի յուլիսէն, եւ օրերս ազատ արձակուած էր «Նուպարաշէն» ՔԿՀ-էն:
Կալանավայրէն դուրս գալէն ետք ան նշած էր, որ պիտի չդադրեցնէ հացադուլը, քանի դեռ քաղբանտարկեալներն ազատ չեն արձակուած:
Աւելի վաղ Մատենադարանի մօտ անոր այցած էր ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը: