image

Մեր բոլորին կեդրոնը Հայաստանն է. Անի Եփրեմեան

Մեր բոլորին կեդրոնը Հայաստանն է. Անի Եփրեմեան

Իր շահեկանութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք Պէյրութի Ս.Դ.Հ.Կ. օրկան «Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Սարաֆեան Եփրեմեանի խօսքը՝ արտասանուած ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած  «Հայոց պետականութիւնը եւ հայ լրագրութիւնը» խորագիրով լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին:

 

Մեծ ու անգնահատելի է հայ մամուլին դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, այդ դէրը շատ աւելի կը կարեւորուի այսօր, երբ համաշխարհային եւ միջազգային լրատուամիջոցները իրենց քաղաքական-վերլուծական յօդուածներուն մէջ  հիմք կ՛ընդունին լրատուական ծառայութիւններուն հաղորդագրութիւնները։

Անկաշառ եւ անկեղծ տեղեկատուութիւն ստանալու եւ ըստ այդմ փոխանցելու դժուարութիւն ունինք մենք՝ հայկական սփիւռքի մամուլի ներկայացուցիչներս։

​Պէտք է նշել, սակայն, որ անկախ քաղաքական մեծ ու փոքր խնդիրներէն, այս կամ այն դիրքորոշումներէն, հայկական սփիռքի մամուլը, բարեբախտաբար, ճիշդ եւ անաչառ անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններուն։ Մասնաւորաբար, "Արարատ" օրաթերթը, զոր ներկայացնելու պատիւը ունիմ այս հարթակէն, առաաջիններէն եղաւ, որ ընդունեց Արցախի հերոս Լեոնիդ Ազգալդեանին նշանաւոր դարձած կարգախօսը՝ "Սա Հայաստանն է եւ վերջ", որ կարգախօս դարձաւ եւ այդպիսին պիտի մնայ նաեւ բոլորիս համար։

Իմ մեծագոյն փափաքս է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան միշտ յիշէ եւ առաջնորդուի այս սկզբունք-կարգախօսով՝ "Սա Հայաստանն է եւ վերջ"։

Իմ փափաքս է, որ ՀՀ Ազգային ժողովին ընտրեալները առաջնորդուին այս սկզբունք-կարկախօսով՝ "Սա Հայաստանն է եւ վերջ"։

Իմ փափաքս է նաեւ, որ հայ ժողովուրդի գիտական, տնտեսական, մշակութային ամբողջ ներուժը ծառայեցուի մէ՛կ նպատակի՝ յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման, միասնականութեան, յանուն մեր ժողովուրդի տեսլականի իրագործման եւ յանուն մեր ապագայ սերունդներու արժանապատիւ կեանքի։

Մեր բազմադարեան պատմութեան ընթացքին քիչ չեն եղած հերոսական ու բեկումնային յաղթանակները, երբ ժողովուրդի ճշմարիտ միասնականութիւնն ու համախմբումը մէկ գերագոյն նպատակի շուրջ՝ անկարելին դարձուցած է կարելի, եւ դարերով փայփայուած երազը դարձած է իրականութիւն ու մեծագոյն քաջագործութիւններու դաս հետագայ շատ ու շատ սերունդներու համար:

Նման բեկումնային յաղթանակներէն է նաեւ հերոսական Սարդարապատը, ուր ժողովուրդի հերոսական ճիգին, ռազմական փայլուն գործողութեանց եւ անմնացորդ նուիրումի ներդաշնակութիւնը ապահովեց մեծ յաղթանակը: Ապահովեց ա՛յն պահուն, երբ արեան հոտէն եւ անպատժելիութենէն գինովցած թուրքական բանակը պատերազմը արդէն աւարտած կը համարէր:

Ճիշդ հարիւր տարի առաջ, մայիսեան այս օրերուն Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի մէջ կերտուեցաւ հայոց նորագոյն պատմութեան, թերեւս ամէնէն փառաւոր էջը:  Այդ ճակատամարտերու բոլոր հերոսներու միայն թուարկումը երկար ժամանակ կրնայ խլել, սակայն, ըստ ինծի ատոր կարիքը չկայ: Այդ հերոսներուն անունները յայտնի են բոլորիս: Այսօր համայն հայութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ, հանրապետութեան ողջ տարածքին եւ Սփիւռքի մէջ մենք հպարտութեամբ կը քալենք անոնց հերոսական անունները կրող փողոցներով: Մեր զաւակները կը յաճախեն անոնց անունը կրող դպրոցներն ու ամէն օր կ՛առնչուին պատմութեան այդ անմոռաց էջերուն:

Սիրելի հայրենակիցներ, 

Պէյրութի "Արարատ" օրաթերթը միշտ եղած է եւ վստահաբար պիտի շարունակէ մնալ Մայր Հայրենիքի մէջ կատարուող իւրաքանչիւր դրական փոփոխութեան կողքին։ Այդպէս եղած է անցեալ դարասկիզբի դժուարագոյն հանգրուանին, այդպէս է այսօր, այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ վաղը։

Հայ մամուլը կարեւորագոյն դեր կը խաղայ եւ դեռ աւելին կրնայ ընել ի խնդիր աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման, գիտական, մշակութային եւ տնտեսական ամբողջ ներուժի կեդրոնացման։ Իսկ կեդրոնը Հայաստանն է։

ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ կառավարութեան նոր կազմի պատասխանատուներուն ծրագրային ելոյթները դրական մեծ լիցք կը հաղորդեն աշխարհասփիւռ հայութեան։

​Մենք կը հաւատանք բոլոր դրական իղձերու իրականացման ուղղուած աշխատանքներուն եւ այս հարթակէն կը վստահեցնեմ Ձեզի, որ ՍԴՀԿ Լիբանանի Արարատ օրաթերթը ջանք ու եռանդ պիտի չխնայէ իր հայրենանուէր առաքելութեան մէջ։ Փոխադարձ վստահութիւնը, քաղաքական եւ ազգային շահերու գերադասումը բոլոր այլատեսակ նեղ շրջանային շահերէն, վստահ ենք պիտի դառնայ մեր առաջնահերթութիւնն ու գերակայ խնդիրը։

Մենք բոլորս միասին պիտի հասնինք հանգրուանի մը, ուր այլեւս իրողութիւն պիտի դառնայ օրեր շարունակ հանրապետութեան Հրապարակէն հնչող եւ համայն աշխարհի հայութիւնը ներգրաւող հպարտ կարգախօսը՝ "Յաղ-թա-նակ"։

​Այս յաղթանակէն անմասն չէ եւ չի կրնար մնալ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող եւ ոչ մէկ հայ։

Մենք կը հաւատանք մեր քաղաքական, տնտեսական, մշակութային մեծ յաղթնականերուն, մենք կը հաւատանք մեր անպարտելի ոգիին, մենք կը հաւատանք աշխարհասփիւռ հայութեան հաւաքական ուժին։

Մեր օրաթերթի խմբագրակազմի եւ ընթերցողներու անունով յաջողութիւն, նպատակասլացութիւն եւ անկոտրում կամք՝ բոլորիս։