image

Երեւանի մէջ. Թալանած են Առողջապահութեան նախարարութեան դեղերու ապահովման կեդրոնը. Կան մեծ վնասներ

Երեւանի մէջ. Թալանած են Առողջապահութեան նախարարութեան դեղերու ապահովման կեդրոնը. Կան մեծ վնասներ

1 Մայիսին խոշոր չափի գողութեան դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Կէսօրին ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժին դիմած է Երեւանի բնակիչ Դաւիթ Ալթունեանը եւ յայտնած, որ 30 ապրիլի ժամը 19:40-էն մինչեւ 1 մայիսի ժամը 13:30-ն ինկած ժամանակահատուածին անյայտ անձը կամ անձինք տեխնիկական միջոցներու գործադրմամբ Այասի փողոցին վրայ գտնուող ՀՀ ԱՆ «Դեղերու եւ բժշկական պարագաներու ապահովման ազգային կեդրոն»-ի դռան ճաղաւանդակը պոկած են, մտած են ներս եւ մարզասրահէն գողութիւն կատարած։ Այս մասին կը տեղեկացնէ shamshyan.com–ը։

Յափշտակած են համակարգիչեր, գոյք, բժշկական պարագաներ: Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Մալաթիայի բաժնի հետաքննական բաժանմունքէն ներս նիւթեր կը նախապատրաստուին:

Կայքի տեղեկութիւններով՝ ոստիկանութիւն ահազանգած Դ. Ալթունեանը կ'աշխատի ՀՀ ԱՆ «Դեղերու եւ բժշկական պարագաներու ապահովման ազգային կեդրոն»-ի մէջ  որպէս տնօրէն, իսկ կեդրոնին պատճառուած է մօտ 3 մլն դրամի վնաս: