image
Հրատապ լուրեր:

Մելգոնեանէն ի՞նչ մնաց

Մելգոնեանէն  ի՞նչ մնաց

Տարի մը   առաջ էր, երբ  հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ հաւաքուեցան     դարաւոր  այդ  վարժարանի   շրջափակին մէջ   եւ   միասնաբար «ուրախ  մթնոլորտ»ի մը մէջ     դարձեալ   լոյսին հանեցին  իրենց     պաշտելի  դպրոցին յիշատակը:

  Օրին   ըսուեցաւ, որ  այդ  հանդիպումը միայն կերուխումի կամ      Կիպրոսի   «ոսկի  աւազներ»ը վայելելու  համար  եղած պատեհ   առիթ մը չէ, այլ     աւելին:

 

 

   Այդ հանդիպումը  խորքին մէջ  նպատակ ունէր, ոչ միայն  «տագնապող»  Մելգոնեանցիները ի մի բերել  այլ   ստեղծել   անկեղծ  հարթակ մը, առնուազն     վարժարանին մասին խօսելու,  դպրոցի  թեման      սեղանի  վրայ  պահելու եւ սփիւռքի լայն շրջանակներուն  մօտ   յաւելեալ   հետաքրքրութիւն ստեղծելու   պատմական    դպրոցի մը    հանդէպ, որուն զանգերը      տարիներէ ի վեր  լռած են:

 

 Օրին  «Արեւելք»   սուր քննադատութեան ենթարկեց այդ հանդիպումը: Եղածը  համարեցինք  սովորական  «փիքնիք» մը, որ ոչ մէկ ձեւով օգտակար պիտի ըլլար   այս խնդրին   լուծման համար  որոշ  քայլեր առնելու կամ առնուազն    բարձրաձայն մտորելու:

  Ու  սխալ չէինք:

 

  Մէկ տարի  անցած է   այդ «փիքնիք»ի   ժամանակներէն ու ոչ մէկ  բան փոխուած է   Մելգոնեանի  հարցով:

 

Մերթ ընդ մերթ  տարբեր    տարիներու շրջանաւարտներ, իրենց  ծննդեան   տօները կը նշեն, պատկեր կը քաշուին, տարեդարձ  կամ   ամուսնութեան   տարեդարձ կը  տօնեն եւ միայն այդքան:

 

 Մելգոնեանը դարձած է  սփիւռքի  մէջ  իրենց ինքնութեան  «լոլո»ն  կարդացող  եւ   պատկերներու  առջեւ   քիջութիւն ընողներուն   համար   լաւ  «դրամագլուխ»  մը, որուն   նայելով  ու   անոր ամայի փակերն ու դասարանները դիտելով պիտի կարողանան իրենց «կորուսեալ» ինքնութիւնը  վերագտնել:

 

 Տխուր է այս բոլորը,   սակայն   ճշմարտացի է նաեւ, որ Մելգոնեանի      խնդրին   այս վիճակին մէջ  յայտնուած ըլլալուն մէջ մեզմէ իւրաքճանչիւրը իր  «դեր»ը ունի:

 

 

 Այսօր  Մելգոնեան   վարժարանի       շէնքը կայ:     Ծերացած,  կոտրուած եւ   ամայի:

 

 Կար   ատեն, որ     շէնքի   սենեակները եւ դասարանները  լոյսի  բոյն էին եւ այդ լոյսը իր ճառագայթները կը  տարածէր ամենուրէք:

 

 Աղքատ էինք   ազգովին, բայց  մեր  սիրտը եւ հոգին լոյսի մէջ կը լողար:

 

 Այսօր   սփիւռքի  չորս ծագերուն  շքեղ   ու    գեղեցիկ շէնքեր ունին,  սրահներ, դասարաններ եւ լուսագեղ  տաճարներ:

 

 Ինչ եղաւ  մեզի: Մեզմէ լոյսը  պակսեցա՞ւ:

Կամ մէկը    գիշերով եկաւ այդ լոյսը  գողցաւ:

Մելգոնեանը  այդ գողցուած լոյսին հատիկն է, որ  ցայսօր  կը սպասէ  իր տուն դարձին,  իր մեծ  վերադարձին: