Տարի մը առաջ էր, երբ հարիւրաւոր Մելգոնեանցիներ հաւաքուեցան դարաւոր այդ վարժարանի շրջափակին մէջ եւ միասնաբար «ուրախ մթնոլորտ»ի մը մէջ դարձեալ լոյսին հանեցին իրենց պաշտելի դպրոցին յիշատակը:
Օրին ըսուեցաւ, որ այդ հանդիպումը միայն կերուխումի կամ Կիպրոսի «ոսկի աւազներ»ը վայելելու համար եղած պատեհ առիթ մը չէ, այլ աւելին:
Այդ հանդիպումը խորքին մէջ նպատակ ունէր, ոչ միայն «տագնապող» Մելգոնեանցիները ի մի բերել այլ ստեղծել անկեղծ հարթակ մը, առնուազն վարժարանին մասին խօսելու, դպրոցի թեման սեղանի վրայ պահելու եւ սփիւռքի լայն շրջանակներուն մօտ յաւելեալ հետաքրքրութիւն ստեղծելու պատմական դպրոցի մը հանդէպ, որուն զանգերը տարիներէ ի վեր լռած են:
Օրին «Արեւելք» սուր քննադատութեան ենթարկեց այդ հանդիպումը: Եղածը համարեցինք սովորական «փիքնիք» մը, որ ոչ մէկ ձեւով օգտակար պիտի ըլլար այս խնդրին լուծման համար որոշ քայլեր առնելու կամ առնուազն բարձրաձայն մտորելու:
Ու սխալ չէինք:
Մէկ տարի անցած է այդ «փիքնիք»ի ժամանակներէն ու ոչ մէկ բան փոխուած է Մելգոնեանի հարցով:
Մերթ ընդ մերթ տարբեր տարիներու շրջանաւարտներ, իրենց ծննդեան տօները կը նշեն, պատկեր կը քաշուին, տարեդարձ կամ ամուսնութեան տարեդարձ կը տօնեն եւ միայն այդքան:
Մելգոնեանը դարձած է սփիւռքի մէջ իրենց ինքնութեան «լոլո»ն կարդացող եւ պատկերներու առջեւ քիջութիւն ընողներուն համար լաւ «դրամագլուխ» մը, որուն նայելով ու անոր ամայի փակերն ու դասարանները դիտելով պիտի կարողանան իրենց «կորուսեալ» ինքնութիւնը վերագտնել:
Տխուր է այս բոլորը, սակայն ճշմարտացի է նաեւ, որ Մելգոնեանի խնդրին այս վիճակին մէջ յայտնուած ըլլալուն մէջ մեզմէ իւրաքճանչիւրը իր «դեր»ը ունի:
Այսօր Մելգոնեան վարժարանի շէնքը կայ: Ծերացած, կոտրուած եւ ամայի:
Կար ատեն, որ շէնքի սենեակները եւ դասարանները լոյսի բոյն էին եւ այդ լոյսը իր ճառագայթները կը տարածէր ամենուրէք:
Աղքատ էինք ազգովին, բայց մեր սիրտը եւ հոգին լոյսի մէջ կը լողար:
Այսօր սփիւռքի չորս ծագերուն շքեղ ու գեղեցիկ շէնքեր ունին, սրահներ, դասարաններ եւ լուսագեղ տաճարներ:
Ինչ եղաւ մեզի: Մեզմէ լոյսը պակսեցա՞ւ:
Կամ մէկը գիշերով եկաւ այդ լոյսը գողցաւ:
Մելգոնեանը այդ գողցուած լոյսին հատիկն է, որ ցայսօր կը սպասէ իր տուն դարձին, իր մեծ վերադարձին: