Վարդան Սեփեթճեանը 9 տարեկան էր, երբ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուէր Ֆրանսա: Մինչ այդ անոնք ապրած են Լիբանանի մէջ եւ 1986 թուականին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով հեռացած են ու մշտական բնակութիւն հաստատած Փարիզի մէջ:
«Այդ ժամանակ ես ֆրանսերէն խօսիլ չէի գիտեր, եւ մայրս մեզի հայկական դպրոց տարաւ: Երկու տարի անց շատ լաւ ֆրանսերէն սորվեցայ, որմէ ետք ֆրանսական դպրոց ուսանեցայ»,-ըսած է Վարդան Սեփեթճեանը, որ վաճառած է Փարիզի կեդրոնը գտնուող իր յայտնի ճաշարանն ու տեղափոխուած է Հայաստան:
Վարդան Սեփեթճեանը, պատմելով, թէ ինչով կը զբաղուէր Ֆրանսայի մէջ, ըսած է. «17-18 տարեկանէս սկսած եմ խոհարարութեամբ զբաղուիլ: Այդ ժամանակ ե՛ւ դպրոց կ'երթայի, ե՛ւ արձակուրդներուն կ'աշխատէի: Խոհարարութիւնը զիս շատ գրաւեց: Յայտնի դասընթացներու մասնակցեցայ, երկու տարուան մէջ սորվեցայ՝ ինչպէս դանակ բռնել, ինչպէս եփել եւ այլն: Յետոյ ճաշարաններու մէջ սկսայ աշխատել»,-նշելով, որ 14 տարի շարունակ իր սեփական ճաշարանի գլխաւոր խոհարարը եղած է:
Ճաշարանի անունը «Chez Vartan» եղած է, որ կը նշանակէ «Վարդանի մօտ»: «Ճաշարանս կը գտնուէր զբօսաշրջական շատ լաւ շրջանի մէջ: Այն վաճառելու մտադրութիւն չունէի, պատահական մէկը մօտեցաւ, լաւ գին առաջարկեց, վաճառեցի»,-ըսած է ան եւ պատմած, որ 14 տարուան ընթացքին իր այցելուներուն տարբեր երկիրներու խոհանոցներ առաջարկած է:
«Սկիզբը հայկական, յունական եւ ֆրանսական ուտեստներ կը մատուցէի: Յետոյ այնպէս ըրի, որ, ով ուզէր, այդ պահուն ալ կը պատրաստէի»,- ըսած է Վարդան Սեփեթճեանը ու նշած, որ Փարիզի մէջ հայկական խոհանոցը շատերու կողմէ սիրուած է:
«Պաստրման, սուճուխը ծանօթացուցի ֆրանսացիներուն: Աղի քրեփ կը մատուցէի՝ հնդկաձաւարի ալիւրով պատրաստած: Հայաստանի մէջ այդ ալիւրը չկայ, Ֆրանսայէն պիտի բերեմ, որ այստեղ ալ մատուցեմ»,-ըսած է խոհարարը:
Վարդան Սեփեթճեան անդրադառնալով իր՝ Երեւան գալուն եւ մշտական բնակութիւն հաստատելու ցանկութեան՝ ըսած է.
«Ես Երեւան նշանածիս համար եկայ: Ընկերային ցանցերով շփուիլն ուրիշ է, իսկ դէմ առ դէմ խօսիլն՝ ուրիշ: Այդ ժամանակ արդէն ճաշարանս ծախած էի եւ ազատ էի, բան չունէի ընելու: Ընկերուհիս ըսաւ, որ տասը օրէն տարեդարձն է, ես ալ տասը օրէն եկայ: Արդէն երկուքուկէս տարի այստեղ եմ»,-ըսած է ան:
Վարդանը առաջին անգամ Հայաստան եկած է 2014 թուականին:
«Այդ թուականին եւս Երեւանի մէջ՝ Փուշքինի փողոցի վրայ ճաշարան մը բացի, աշխատողներ նշանակեցի եւ ետ գացի Փարիզ, բայց քանի որ գործի գլուխը չէի, չյաջողեցաւ: Պէտք է ես այստեղ ըլլայի, ճաշարանին շէֆ պէտք է»,-ըսած է ան:
Այժմ արդէն չորս ամիս է, որ Երեւանի մէկ գեղեցիկ փայտեայ տնակին մէջ Վարդանը արագ սնունդ կը մատուցէ: Երեւանեան «Վարդանի մօտ» սնունդի կէտին մէջ ֆրանսական համեմունքներով շաուրմա, ֆրանսական քրոք միսիօ, քրեփ եւ այլ ուտեստներ կ'առաջարկուին:
«Քրեփը ֆրանսական աւանդական ուտեստ է, որ արդէն մեծ ճանաչում ունի հայերու մօտ: Իմ առաջարկած ուտեստները կողքի «կրպակներէն» կը տարբերին որակով եւ համով: Ես կարկանդակ ու պոնչիկ չեմ պատրաստեր, կը ձգեմ, որ այդ իմ հարեւանները ընեն: Ես ֆրանսական խոհանոց կ'առաջարկեմ»,-ըսած է խոհարարը:
Հարցին, թէ ինչու բոլորը կ'արտագաղթեն Հայաստանէն, Վարդան Սեփեթճեանը պատասխանած է.
«Ես երկուքուկէս տարի է` այստեղ եմ, մէկ վայրկեան անգամ չեմ զղջար, որ Եւրոպան Հայաստանով, Փարիզն ալ Երեւանով փոխած եմ եւ իմ եկած պահէս մէկ օր տունը չեմ նստած: Կը տեսնեմ, որ խնդիրներ կան, բայց ես միշտ գործ ունեցած եմ, միշտ ստեղծած եմ: Մի քանի արագ սնունդի մեծ կէտերու մէջ աշխատեցայ, յետոյ ըսի՝ ես իմը բանամ, փոքրով սկսած եմ, յետոյ կը մեծցնեմ: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտագաղթին, նորմալ է, որ հայերը կը հեռանան Հայաստանէն, քանի որ դրամը չի բաւարարեր ապրելու համար: Հայաստանի մէջ ամենաքիչ աշխատավարձը պէտք է 250 հազար դրամ ըլլայ, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ ալ կը փոխուի վիճակը: Ժողովուրդը 80, 120, 130 հազար դրամ կը ստանայ, դեռ 55 հազարի մասին ալ չեմ խօսիր, ամօթ է, ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ այդ փողով»,-ըսած է ան եւ նաեւ նշած, որ հայ ժողովուրդը իսկական հերոս է, որ կը դիմանայ այս փոքր աշխատավարձով:
Խօսելով հայերու բնավորութեան եւ ֆրանսացիներու վարուելակերպի մասին՝ Վարդան Սեփեթճեանն ըսած է.
«Երբ կը ժպտամ, ինծի կը ժպտան, եթէ չժպտամ, կոպիտ մօտենամ, նոյնն ալ իրենք կ'ընեն: Շատ լաւ ժողովուրդ կայ Երեւանի մէջ, բայց երբ կ'իմանան Փարիզէն եկած եմ, կը զարմանան, կ'ըսեն՝ «վայ, Փարիզը թողել, եկե՞լ ես Հայաստան», -կ'ըսեմ՝ այո, կ'ուզեմ Հայաստանի մէջ ապրիլն ալ փորձեմ: Իրենց համար նորմալ չէ, որ կարելի է ձգել դուրսի կեանքը եւ յանուն հայրենիքի ետ գալ. երբ այդպէս կ'ըսեմ, կը զարմանան»:
Խոհարարութիւնը Վարդան Սեփեթճեանին փոխանցուած է իր նախնիներուն ճամբով:
Անոր նախնիները ապրած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Ամանոսի լեռներուն մէջ: 1915 թուականի ցեղասպանութեան ժամանակ անոնք գաղթած են Լիբանան: Ւսկ հիմա իրականացնելով իր նախնիներու երազանքը` Վարդանը եկած եւ հաստատուած է Հայաստանի մէջ:
Նիւթը ՝ «Ասպարէզ» կայքէն
Նարեկ Կիրակոսեան