image

Մէկ վայրկեան անգամ չեմ զղջար, որ Եւրոպան Հայաստանով, Փարիզն ալ Երեւանով փոխած եմ. Սփիւռքահայ խոհարար

Մէկ վայրկեան անգամ չեմ զղջար, որ Եւրոպան Հայաստանով, Փարիզն ալ Երեւանով փոխած եմ.  Սփիւռքահայ խոհարար

Վարդան Սեփեթճեանը 9 տարեկան էր, երբ ընտանիքին հետ կը տեղափոխուէր Ֆրանսա: Մինչ այդ  անոնք  ապրած են Լիբանանի մէջ  եւ 1986 թուականին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով հեռացած են ու մշտական բնակութիւն հաստատած Փարիզի մէջ:

«Այդ ժամանակ ես ֆրանսերէն խօսիլ չէի գիտեր, եւ մայրս մեզի հայկական դպրոց տարաւ: Երկու տարի անց շատ լաւ ֆրանսերէն սորվեցայ, որմէ ետք ֆրանսական դպրոց ուսանեցայ»,-ըսած է Վարդան Սեփեթճեանը, որ վաճառած է Փարիզի կեդրոնը գտնուող իր յայտնի ճաշարանն ու տեղափոխուած է Հայաստան:

Վարդան Սեփեթճեանը, պատմելով,  թէ ինչով կը զբաղուէր Ֆրանսայի մէջ, ըսած է. «17-18 տարեկանէս սկսած եմ խոհարարութեամբ զբաղուիլ: Այդ ժամանակ ե՛ւ դպրոց կ'երթայի, ե՛ւ արձակուրդներուն կ'աշխատէի: Խոհարարութիւնը զիս շատ գրաւեց: Յայտնի դասընթացներու մասնակցեցայ, երկու տարուան մէջ սորվեցայ՝ ինչպէս դանակ բռնել, ինչպէս եփել եւ այլն: Յետոյ ճաշարաններու մէջ սկսայ աշխատել»,-նշելով, որ 14 տարի շարունակ իր սեփական ճաշարանի գլխաւոր խոհարարը եղած է:

Ճաշարանի անունը «Chez Vartan» եղած է, որ կը նշանակէ «Վարդանի մօտ»: «Ճաշարանս կը գտնուէր զբօսաշրջական շատ լաւ շրջանի մէջ: Այն վաճառելու մտադրութիւն չունէի, պատահական մէկը մօտեցաւ, լաւ գին առաջարկեց, վաճառեցի»,-ըսած է ան եւ պատմած, որ 14 տարուան ընթացքին իր այցելուներուն տարբեր երկիրներու խոհանոցներ առաջարկած է:


«Սկիզբը հայկական, յունական եւ ֆրանսական ուտեստներ կը մատուցէի: Յետոյ այնպէս ըրի, որ, ով ուզէր, այդ պահուն ալ կը պատրաստէի»,- ըսած է Վարդան Սեփեթճեանը  ու նշած, որ Փարիզի մէջ հայկական խոհանոցը շատերու կողմէ սիրուած է:

«Պաստրման, սուճուխը ծանօթացուցի ֆրանսացիներուն: Աղի քրեփ կը մատուցէի՝ հնդկաձաւարի ալիւրով պատրաստած: Հայաստանի մէջ այդ ալիւրը չկայ, Ֆրանսայէն պիտի բերեմ, որ այստեղ ալ մատուցեմ»,-ըսած է խոհարարը:

Վարդան Սեփեթճեան  անդրադառնալով իր՝ Երեւան գալուն եւ մշտական բնակութիւն հաստատելու ցանկութեան՝ ըսած է.

«Ես Երեւան նշանածիս համար եկայ: Ընկերային ցանցերով շփուիլն ուրիշ է, իսկ դէմ առ դէմ խօսիլն՝ ուրիշ: Այդ ժամանակ արդէն ճաշարանս ծախած էի եւ ազատ էի, բան չունէի ընելու: Ընկերուհիս ըսաւ, որ տասը օրէն տարեդարձն է, ես ալ տասը օրէն եկայ: Արդէն երկուքուկէս տարի այստեղ եմ»,-ըսած է ան:

Վարդանը առաջին անգամ Հայաստան եկած է 2014 թուականին:

«Այդ թուականին եւս Երեւանի մէջ՝ Փուշքինի փողոցի վրայ ճաշարան մը բացի, աշխատողներ նշանակեցի եւ ետ գացի Փարիզ, բայց քանի որ գործի գլուխը չէի, չյաջողեցաւ: Պէտք է ես այստեղ ըլլայի, ճաշարանին շէֆ պէտք է»,-ըսած է ան:


Այժմ արդէն չորս ամիս է, որ Երեւանի մէկ գեղեցիկ փայտեայ տնակին մէջ Վարդանը արագ սնունդ կը մատուցէ: Երեւանեան «Վարդանի մօտ» սնունդի կէտին մէջ ֆրանսական համեմունքներով շաուրմա, ֆրանսական քրոք միսիօ, քրեփ եւ այլ ուտեստներ կ'առաջարկուին:

«Քրեփը ֆրանսական աւանդական ուտեստ է, որ արդէն մեծ ճանաչում ունի հայերու մօտ: Իմ առաջարկած ուտեստները կողքի «կրպակներէն» կը տարբերին որակով եւ համով: Ես կարկանդակ ու պոնչիկ չեմ պատրաստեր, կը ձգեմ, որ այդ իմ հարեւանները ընեն: Ես ֆրանսական խոհանոց կ'առաջարկեմ»,-ըսած է խոհարարը:
Հարցին, թէ ինչու բոլորը կ'արտագաղթեն Հայաստանէն, Վարդան Սեփեթճեանը պատասխանած է.

«Ես երկուքուկէս տարի է` այստեղ եմ, մէկ վայրկեան անգամ չեմ զղջար, որ Եւրոպան Հայաստանով, Փարիզն ալ Երեւանով փոխած եմ եւ իմ եկած պահէս մէկ օր տունը չեմ նստած: Կը տեսնեմ, որ խնդիրներ կան, բայց ես միշտ գործ ունեցած եմ, միշտ ստեղծած եմ: Մի քանի արագ սնունդի մեծ կէտերու մէջ աշխատեցայ, յետոյ ըսի՝ ես իմը բանամ, փոքրով սկսած եմ, յետոյ կը մեծցնեմ: Իսկ ինչ կը վերաբերի արտագաղթին, նորմալ է, որ հայերը կը հեռանան Հայաստանէն, քանի որ դրամը չի բաւարարեր ապրելու համար: Հայաստանի մէջ ամենաքիչ աշխատավարձը պէտք է  250 հազար դրամ ըլլայ, այդ ժամանակ Հայաստանի մէջ ալ կը փոխուի վիճակը: Ժողովուրդը  80, 120, 130 հազար դրամ կը ստանայ, դեռ 55 հազարի մասին ալ չեմ խօսիր, ամօթ է, ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ այդ փողով»,-ըսած է ան եւ նաեւ նշած, որ հայ ժողովուրդը իսկական հերոս է, որ կը դիմանայ այս փոքր աշխատավարձով:

Խօսելով հայերու բնավորութեան եւ ֆրանսացիներու վարուելակերպի մասին՝ Վարդան Սեփեթճեանն  ըսած է.
«Երբ կը ժպտամ, ինծի  կը ժպտան, եթէ չժպտամ, կոպիտ մօտենամ, նոյնն ալ իրենք կ'ընեն: Շատ լաւ ժողովուրդ կայ Երեւանի մէջ, բայց երբ կ'իմանան Փարիզէն եկած եմ, կը զարմանան, կ'ըսեն՝ «վայ, Փարիզը թողել, եկե՞լ ես Հայաստան», -կ'ըսեմ՝ այո, կ'ուզեմ Հայաստանի մէջ ապրիլն ալ փորձեմ: Իրենց համար նորմալ չէ, որ կարելի է ձգել դուրսի կեանքը եւ յանուն հայրենիքի ետ գալ. երբ այդպէս կ'ըսեմ, կը զարմանան»:

Խոհարարութիւնը Վարդան Սեփեթճեանին  փոխանցուած է  իր  նախնիներուն ճամբով:

Անոր նախնիները ապրած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, Ամանոսի լեռներուն մէջ: 1915 թուականի ցեղասպանութեան ժամանակ անոնք գաղթած են Լիբանան: Ւսկ հիմա իրականացնելով իր նախնիներու երազանքը` Վարդանը եկած եւ հաստատուած է Հայաստանի մէջ:

Նիւթը ՝ «Ասպարէզ»  կայքէն

 

Նարեկ Կիրակոսեան