image

Աննախադէպ տաքերէն Ֆրանսայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 18-ի

Աննախադէպ տաքերէն Ֆրանսայի մէջ զոհերու թիւը հասած է 18-ի

Եւրոպան պատուհասած աննախադէպ տաքին հետեւանքով Ֆրանսայի մէջ արդէն արձանագրուած է 18 մահուան դէպք, որոնց շարքին՝ երկու երեխայ, որոնք մահացած են շոգէն չափազանց տաքցած ինքնաշարժի մէջ։

Ֆրանսայի շարք մը քաղաքներու մէջ ջերմաստիճանը անցած է 41 աստիճանը՝ արձանագրելով պատմական նոր բարձր ցուցանիշեր։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Reuters»-ը, օդերեւութաբանները նշած են, որ այս երեւոյթը պայմանաւորուած է Սահարայէն եկող տաք օդային զանգուածներով եւ կլիմայական փոփոխութիւններով։

Իրավիճակը լարուած է նաեւ Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ մէջ, ուր ջերմաստիճանը կը մօտենայ պատմական առաւելագոյն մակարդակներուն։

Իտալիոյ 12 քաղաքներու մէջ յայտարարուած է ահազանգի կարմիր աստիճան, իսկ ուժանիւթի համակարգերը գերծանրաբեռնուածութեան պատճառով հոսանքազրկումներ կ՚արձանագրեն։

«Reuters Climate Monitor»-ի տուեալներով՝ Եւրոպան ներկայիս մոլորակի այն տարածաշրջանն է, որ ամենէնշատը շեղած է իր պատմական կլիմայական բնականոն ցուցանիշերէն։