Թեհրան կը պահանջէ, որ Իսրայէլի զինուած ուժերը առաջիկային լքեն Լիբանանի տարածքը։ Այս մասին յայտարարած է Ժընեւի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակին մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ալի Պահրէյնին։
«Զինադադարի համաձայնագիրը պէտք է ներառէ իսրայէլեան զօրքերու դուրսբերումը Լիբանանի տարածքէն։ Առայժմ այդ տեղի չէ ունեցած։ Իրանը կը կարծէ, որ ատիկա պէտք է կատարուի մօտ ապագային»,– ըսած է ան լրագրողներուն Ժընեւի մէջ։
Յունիս 21-ին Զուիցերիոյ Պիւրկենշթոք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած են Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններ՝ միջնորդ երկիրներ Փաքիստանի եւ Քաթարի մասնակցութեամբ։ Յունիս 22-ի առաւօտեան իրանական պատուիրակութիւնը հեռացած է Զուիցերիայէն եւ ուղեւորուած դէպի Թեհրան։ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած է Զուիցերիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացին մասին։