image

Լոս Անճելըսի մէջ. Բողոքի ցոյց` Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ

Լոս Անճելըսի մէջ.  Բողոքի ցոյց`  Ատրպէյճանի  հիւպատոսարանին   առջեւ

Լոս Անճելըսի  մէջ  առ ի բողոք  Ատրպէյճանի   հակահայ   քաղաքականութեան եւ  դատապարտելու համար անցնող մէկ շաբթուան ընթացքին Տաւուշի  մէջ եղած  ատրպէյճանեան  սադրանքը,   պիտի կայացուի բողոքի մեծ հաւաք  Ատրպէյճանի  դեսպանատան առջեւ։

 Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք  «Մասիս»  պարբերականի  խմբագրութենէն։

Կը  նշուի նաեւ, որ այս առթիւ  հրապարակուած է  կարճ  հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Տեղի կ’ունենայ բողոքի ցոյց Լոս Անճելըսի Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 20-ին, առաւօտեան ժամը 10-ին, տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց Լոս Անճելոսի մէջ գործող Ատրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, որ կը գտնուի 11766 Wilshire պողոտայի վրայ:

 «Ոչ Թուրք-Ատրպէյճանական Ակրեսիային» կարգախօսին տակ տեղի ունենալիք հանրահաւաքին պիտի մասնակցին համայնքի հայերը խաղաղ ցոյցով արտայայտելու համար իրենց բողոքը` Հայաստանի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ կատարուղ ռազմական գործողութիւններուն դէմ»։

 

Մեր   ընթերցողներուն  յիշեցնենք, որ   բողոքի այս  հաւաքէն բացի  նոյնանման  հաւաք մը պիտի կայացնէ Լոս Անճելըսի  «Հայ  երիտասարդաց Դաշնակցութիւն»  կազմակերպութիւնը ՝ AYF-ը։