Լոռիի մարզի Մարգահովիտ գիւղին մէջ բնակիչներն առաւօտեան բողոքի հաւաք իրականացուցած են. Անոնք կը բողոքեն այդ տարածքին մէջ պղինձի հանքի բացման դէմ:
Այդ ծրագրի շրջանակէն ներս մարզի 5 գիւղեր ազդակիր համայքներ են, որոնց շարքին՝ Մարգահովիտը: Համայնքին ներկայացուած է փաթեթը, թէ ինչ հանքի մասին է խօսքը, իսկ այսօր նախատեսուած է հանրային լսումներ Մարգհովիտի մէջ, որուն գիւղացիները մերժած են մասնակցիլ:
Գիւղացիներու հետ զրոյցի ժամանակ Ընկերային ապահովութեան ծառայութեան նախկին պետ, նախկին ՀՀԿ-ական Վազգէն Խաչիկեանը, որ դատապարտուած էր ծառայութեան գումարները իւրացնելու համար, նշած է, որ փակ հանք պիտի ըլլայ, պոչամբար պիտի չունենայ, քանի որ մինչեւ կէս միլիոն թոն հանքաքարի մշակումը չի կրնար իրականացուիլ պոչամբարի միջոցով:
Մեղադրանքին, թէ ինքն ալ երեւի բաժին ունի այդ ծրագրին մէջ, ան արձագանգած է, որ ինքը բաժին չունի, միայն վճարովի աշխատանք կը կատարէ: Վազգէն Խաչիկեանի խօսքով, հանքը պիտի ըլլայ Մարգահովիտէն 20 քմ հեռաւորութեան վրայ: Ան նշած է, որ սեփականատէրերը Չեխիոյ քաղաքացիներ են՝ չեխեր:
Լոռիի նախկին փոխմարզպետ Գայիանէ Սարգսեանն ալ յայտարարած է, որ ինքը որպէս նախկին պաշտօնեայ դէմ է Լոռիի մարզին մէջ որեւէ հանքի շահագործման: