Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանները կը համարուին Տահէշ ահաբեկչկական խմբաւորման թիրախ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Նահար» օրաթերթը: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, թէ Տահէշ խմբաւորումը յատուկ պատրաստութիւններ տեսած է եւ նպատակ ունի անձնասպանական մեծ պայթումներ կատարել այն շրջաններուն մէջ, որ զբօսաշրջային են ու յատկապէս ամրան շրջանին կը դառնան մարդահոծ: Արաբական մէկէ աւելի աղբիւրներ այս սպառնալիքներուն մասին եւս գրած էին աւելի վաղ: Նշենք, որ լիբանանեան բանակը երէկ յատուկ գործողութիւն մը իրականացնելով յաջողած էր ծանր հարուած տալ Տահէշին: Բանակի ստուգողական ջոկատ մը Արսէլի բարձունքներուն վրայ յայտնաբերած էր Տահէշ խմբաւորման խմբակ մը, որ թաքնուած էր փոքր մարդատար կառքի մը մէջ (Մինիւան): Բանակի զինուորներ ձերբակալած էին Տահէշի 2 անդամները եւ զանոնք փոխադրած հարցաքննութեան վայր մը: