Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք Լիբանանի մէջ ամերիկեան տոլարը մեծ ցատք մը գրանցած է։
Եթէ մինչեւ հրաժարականը ամերիկեան տոլարը կը վաճառուէր 19.700-ի, ապա հրաժարականէն ետք տոլարն սկսած է վաճառուիլ 21.000 լիբանանեան ոսկիով։
Նշենք, որ ելեւմտական շուկային մօտ կանգնած լրագրողներ յայտնած են, որ չի բացառուիր, որ ԱՄՆ տոլարը հասնի 25.000-ի, եթէ Հարիրիի հրաժարականով ստեղծուած քաղաքական տագնապը յստակ հանգուցալուծում մը չունենայ։