image

«Աստուած հասնի Լիբանանին» Սաատ Հարիրի հրաժարական ներկայացուց

«Աստուած հասնի Լիբանանին» Սաատ Հարիրի հրաժարական ներկայացուց

9  ամսուան սպասումներէ ետք Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի հրաժարական ներկայացուց։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

Գալով մանրամասնութիւններուն, Հարիրի, որ երէկ Պաապտայի պալատ բարձրանալով նախագահ Աունին ներկայացուցած էր նոր կառավարութեան կազմութեան համար նախատեսուած եւ 24 նախարարներէ բաղկացող ցուցակ մը, այսօր եւս հանդիպեցաւ նախագահին հետ ու հանդիպման աւարտին յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։

Հարիրի նաեւ նշեց տարբեր մանրամասնութիւններ, յայտնելով որ իր եւ նախագահին միջեւ համաձայնութիւն չկայ։ 

Հարիրի  աւարտին ըսաւ, որ աւելի հանգամանաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ վերջին զարգացումներուն եւ խօսքն աւարտելով ըսաւ.  «Աստուած հասնի Լիբանանին»։