image

Հարիրի ներկայացուց կառավարութեան նոր ցուցակ մը.Վաղը վճռորոշ օր Լիբանանի համար

Հարիրի   ներկայացուց   կառավարութեան  նոր ցուցակ մը.Վաղը վճռորոշ օր Լիբանանի համար

Լիբանանի նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի բարձրանալով Պաապտայի նախագահական պալատ նախագահ Աունին ներկայացուց 24  նախարարներէ բաղկանալիք կառավարութեան ցանկ մը։

 

Սիւննի առաջնորդը, որ նախագահին հետ հանդիպում ունենալէ ետք լրագրողներուն խօսեցաւ  նշեց, որ մինչեւ վաղը կէսօր պիտի սպասէ նախագահական պալատի արձագանգին։

Ան  նաեւ  ըսաւ, որ մեծ  յոյսեր ունի  որ  կազմուելու պարագային իր   առաջնորդած  կառավարութիւնը  մեծ յոյսեր ունի երկիրը տագնապէն դուրս բերելու համար,  շեշտելով նաեւ, որ  կառավարութեան ցուցակը կազմուած է հիմնուելով  Ֆրանսական ու նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նէպիհ Պըրրի  նախաձեռնութեանց  վրայ։

Յիշեցնենք, որ «Արեւելք» աւելի վաղ ալ գրած էր այս մասին յայտնելով, որ Լիբանանի համար վճռորոշ օրեր են այն իմաստով, որ եթէ նախագահ Աուն ընդառաջ չերթայ  եւ չընդունի Հարիրիի կողմէ ներկայացուած ցուցակը, ապա չի բացառուիր, որ վերջինս ներկայացնէ իր հրաժարականը։

Կան խօսակցութիւններ, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը  այդքան ալ ողբերգական պիտի չըլլայ, այն իմաստով, որ արեւմտեան ուժեր վերջին շաբաթմներուն Լիբանանի հարցով կարեւոր քննարկումներ ունեցան ու կարծես այդ առումով ալ կան պատրաստի սենարներ։

 

Միւս կողմէ ելեւմտական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ եթէ Հարիրի հրաժարական տայ, ապա չի բացառուիր, որ ամերիկեան տոլարին սակը նոր մրցանիշ մը գրանցէ, եւ հասնի նոյնիսկ  հազարի, պատճառ դառնալով, առանց անոր ալ բարդ վիճակի յաւելեալ ծանրացման։ 

Մէկ խօսքով Լիբանանի համար  բաւական վճռորոշ ժամանակներ են, ու վաղը  կէսօրին շատ աւելի յստակ պիտի ըլլայ, թէ որ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ երկիրը։

Պիտի հետեւինք։