image

Լիբանանի ծովեզերեայ շրջանները կը համարուին Տահէշի թիրախ

Լիբանանի ծովեզերեայ   շրջանները կը համարուին Տահէշի թիրախ

Լիբանանի ծովեզերեայ   շրջանները  կը համարուին Տահէշ ահաբեկչկական խմբաւորման  թիրախ: Այս մասին  կը գրէ «Ալ Նահար»  օրաթերթը: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, թէ   Տահէշ  խմբաւորումը  յատուկ պատրաստութիւններ տեսած է  եւ   նպատակ ունի անձնասպանական  մեծ պայթումներ կատարել  այն շրջաններուն մէջ, որ զբօսաշրջային են ու  յատկապէս ամրան  շրջանին  կը դառնան մարդահոծ:    Արաբական մէկէ  աւելի       աղբիւրներ    այս սպառնալիքներուն մասին եւս գրած էին աւելի վաղ: Նշենք, որ  լիբանանեան բանակը երէկ   յատուկ գործողութիւն  մը  իրականացնելով  յաջողած էր ծանր հարուած  տալ Տահէշին: Բանակի ստուգողական  ջոկատ մը    Արսէլի բարձունքներուն վրայ յայտնաբերած էր  Տահէշ խմբաւորման  խմբակ մը, որ թաքնուած էր  փոքր   մարդատար կառքի մը մէջ (Մինիւան):  Բանակի զինուորներ   ձերբակալած էին  Տահէշի  2 անդամները եւ զանոնք  փոխադրած   հարցաքննութեան  վայր մը: