image

Լիբանանի մէջ կառավարական նոր տագնա՞պ

Լիբանանի  մէջ  կառավարական  նոր տագնա՞պ

Լիբանանեան «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան երկու նախարարները պիտի քաշուին կառավարութիւնէն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է   լիբանանեան   «Էմ. Թի.Վի.» կայանը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ նախարարներ  Ալան Հաքիմ (Ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար) եւ Սըճհան Ազզի (Աշխատանքի նախարար)  իրենց հրաժարակնները պիտի տան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ  նախարարները, հետեւաբար զանոնք հովանաւորող կուսակցութիւնը դժգոհ է կառավարութեան գործելաոճէն՝ կապուած  կարգ  մը կարեւոր թղթածրարներու, ինչպիսին են՝ աղբահանութեան հարցը, պետական անվտանգութեան, նախագահի   նշանակման եւ Ալ Ժաննէ շրջանի  ջրամբարին հարցը:  Նշենք, որ     «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնէն ետք «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ քրիստոնեայ երկրորդ ուժը, որ    պոյքոթի  պիտի ենթարկէ կառավարութեան աշխատանքները:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ կուսակցութեան նախագահ  երեսփոխան  Սամի Ժըմայէլ այսօր երեկոյեան ժամը 8:00–ին «Փաղանգաւորներ»ու Սայֆէյի կեդրոնատեղիէն ներս մամլոյ ասուլիս մը տալով   կուսակցութեան կեցուածքը պիտի յայտարարէ: