Լիբանանեան «Փաղանգաւոր» կուսակցութեան երկու նախարարները պիտի քաշուին կառավարութիւնէն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է լիբանանեան «Էմ. Թի.Վի.» կայանը, որ նաեւ կը յայտնէ, թէ նախարարներ Ալան Հաքիմ (Ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար) եւ Սըճհան Ազզի (Աշխատանքի նախարար) իրենց հրաժարակնները պիտի տան: Կը հաղորդուի նաեւ, որ նախարարները, հետեւաբար զանոնք հովանաւորող կուսակցութիւնը դժգոհ է կառավարութեան գործելաոճէն՝ կապուած կարգ մը կարեւոր թղթածրարներու, ինչպիսին են՝ աղբահանութեան հարցը, պետական անվտանգութեան, նախագահի նշանակման եւ Ալ Ժաննէ շրջանի ջրամբարին հարցը: Նշենք, որ «Լիբանանեան ուժեր» կուսակցութիւնէն ետք «Փաղանգաւոր» կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ քրիստոնեայ երկրորդ ուժը, որ պոյքոթի պիտի ենթարկէ կառավարութեան աշխատանքները: Կը հաղորդուի նաեւ, որ կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Սամի Ժըմայէլ այսօր երեկոյեան ժամը 8:00–ին «Փաղանգաւորներ»ու Սայֆէյի կեդրոնատեղիէն ներս մամլոյ ասուլիս մը տալով կուսակցութեան կեցուածքը պիտի յայտարարէ: