image

Լիբանանի կառավարութեան ստեղծումը տակաւին հեռո՞ւ է

Լիբանանի կառավարութեան ստեղծումը տակաւին հեռո՞ւ է

«Ալ Ժատիտ» հեռուստակայանի լրագրող Պասէլ Ալ Արիտի յայտնած է, որ Հարիրիի եւ Աունի միջեւ առկայ տարակարծութիւնները տակաւին չեն վերացած:

Լրագրողը յայտնած է, որ ըստ որոշ աղբիւրներու, Ազատ ազգայիններու շարժումը խոչընդոտներ ստեղծած է, մերժելով խնդիրի լուծման ուղղութեամբ առաջադրուած բոլոր տարբերակները, որուն պատճառով ալ յետընթաց քայլ կատարուած է կառավարութեան ստեղծման գործին մէջ:

Լրագրողը շեշտած է նաեւ, որ Նախագահ Պըրրի յառաջիկայ օրերու ընթացքին արձակուրդի պիտի մեկնի, բան մը, որ կը նշանակէ, թէ կառավարութեան ստեղծումը տակաւին հեռու է: