«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ ՌԱԿ-եան գործիչ եւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ Գէորգ Հալէպլեան:
- Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։
Այս հանգրուանին ու այս լարուած մթնոլորտին մէջ, պարտութիւն կրած պետութեան մը համար, շատ վտանգաւոր է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնելը, ան ներքին լարուածութիւնը աւելի կը սրէ եւ ներքին անկայունութիւն կը ստեղծէ, սակայն այսպէս որոշած է վարչապետը, որ 20 յունիսին ընտրութիւններ տեղի կայանան:
Ակնկալութիւններս շատ յուսադրող չեն, քանի որ նախ եւ առաջ քարոզարշաւի բնոյթը շատ խրախուսիչ չէ, քարոզարշաւի գործելաոճի, իրար հանդէպ վիրաւորական հռետորաբանութեան եւ աւելի քաղաքակիրթ մեթոտներով քաղաքական պայքար տանելու ձեւերու պակասի առումներով: Բոլոր մասնակցող դաշինքներուն կամ կուսակցութիւններուն մէջ չեմ տեսներ ծրագրային դրոյթներ կամ բովանդակալից գաղափարական կէտեր, թէ երկիրը դէպի ուր պիտի առաջնորդեն։ Ճիշդ է, որ կը հնչեն խօսքեր, ինչպէս օրինակ՝ անվտանգութիւնը առաջնահերթութիւն է, բայց ի՞նչ են այդ անվտանգութեան հասնելու միջոցները կամ մարտավարութիւնը, որեւէ մէկ դաշինք ցոյց չի տար. կարծես բոլորին նպատակը միայն իշխանատենչութիւնն է եւ աթոռի տիրանալը: Որեւէ մէկը չ'առաջարկեր, թէ այսօր մեր 200 գերիները ինչպէս պէտք է վերադարձուին, կամ մեր ինքնիշխանութիւնը որ խախտուած է ու թշնամին հարաւէն ու հիւսիսէն ներխուժած , ու տակաւին մեր տարածքներէն ներս է, ինչպէս դուրս պէտք է ելլէ։
Իսկ ամէնէն կաեւորը, որ որեւէ քաղաքական ուժ այսօր իր նախընտրական քարոզարշաւին մէջ չի ներկայացներ Արցախի կարգավիճակի մասին լուծում, հետեւաբար շատ թերի կողմեր կան: Կը կրկնեմ, թէ բոլորն ալ միայն իշխանատենչութեամբ եւ աթոռամոլութեամբ զբաղած են, իսկ անդին տարածաշրջանի եւ աշխարաքաղաքական զարգացումներուն մէջ մեր դիւանագիտութիւնը դժբախտաբար կը մնայ թոյլ եւ ոչ թելադրողի դիրքերու մէջ:
- Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու, կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։
Ներքին անկայունութեան եւ քաղաքացիական բախումներու մտավախութիւն միշտ կայ, բայց բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է խելամտութիւնը ունենան եւ այս օրհասական պահու լրջութիւնը իմանան եւ ի պահանջեալ հարկին զերծ մնան մեր պետութեան հիմքերը խարխլող բոլոր արարքներէ, ցոյցերէ եւ երկիրը դէպի անկայունութիւն տանող գործերէ: Բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է ընդունին այս ընտրութիւններուն յաղթող քաղաքական ուժը, ընդունին նաեւ պետական քաղաքական այսպէս մտածելակերպով իրենց պարտութիւնը եւ նորընտիր իշխանութիւններուն համագործակցութեան ձեռք երկարեն եւ միասնաբար երկիրը դուրս հանեն այս աղէտալի վիճակէն եւ դիմագրաւեն մարտահրաւէրները, որոնք կանգնած են մեր երկրին առջեւ՝ ըլլայ ինքնիշխանութեան կորուստ, գերիներու վերադարձ եւ Արցախի կարգավիճակ: Միայն համախոհական եւ միասնական համաձայնեցուած կառավարութեան ե՛ւ հասարակական ե՛ւ քաղաքական տարրերու միացումով է, որ մենք կրնանք երկիրը ոտքի կանգնեցնել եւ խուսափիլ ապագայի արհաւիրքներէն :
- Նոր խորհրդարանի կազմութիւնէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները
Ինչ կը վերաբերի նոր ընտրուած իշխանութիւններուն ընելիքներուն, անոնց առջեւ բնականաբար մեծ մարտահրաւէրներ կան, երկրի ընկերային եւ տնտեսական վիճակը զարգացնել, ժողովուրդի հասարակութեան հոգեբանական վիճակը բարելաւել, նաեւ բանակը վերազինել, բանակի մարտունակութիւնը վերականգնել, շատ կարեւոր է նաեւ ներքին համերաշխութեան մթնոլորտի ստեղծումը: Իսկ արտաքին քաղաքականութեան դրսեւորման առումով, պէտք է արտաքին դիգանագիտութեան մէջ աշխոյժ աշխատանքներ տարուին բոլոր միջազգային հարթակներուն վրայ, դժբախտաբար մեր դիւանագիտութիւնը այսօր տէ Ֆաքթօ է, չի գործեր, արտասովոր է որեւէ երկրի մը համար, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն չունենայ, մեր արտաքին դիւանագիտութեան յաճախակի թուլութեան պատճառաւ մենք այս վիճակին հասած ենք: Նոր իշխանութիւններէն կ'ակնկալուի վարել աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն ե՛ւ մեր ռազմավարական գործընկերոջ ե՛ւ բոլոր այն պետութիւններու հետ, որոնց շահերը յաճախ կը համընկնին մեր շահերուն հետ, համագործակցիլ բոլոր միջազգային ուժային կեդրոններուն հետ, ի շահ մեր ազգին, մեր երկրին եւ մեր պետականութեան: Նաեւ նոր իշխանութիւնները աւելի խորքային եւ բովանդակալից յարաբերութիւններ պէտք է սկսին սփիւռքի հետ, այսօր 44-օրեայ պատերազմէն 7 ամիսներ անցած են ու տակաւին հայրենիքէն ոչ մէկ պետական քաղաքական գործիչ սփիւռք այցելած է կամ սփիւռքի հետ ծրագրային յարաբերութիւններու սկիզբ մը դնելու ծրագիր մշակած է: Նոր իշխանութիւններէն կ'ակնկալուի այս բոլորը, որպէսզի հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները նոր որակի եւ նոր բովանդակութեան վրայ հիմնուին ի շահ մեր ինքնիշխանութեան, մեր երկրի կայունութեան եւ մեր ժողովուրդի բարօրութեան: