image

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութիւնը կայացաւ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ընտրութիւնը  կայացաւ

ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպական ընտանիքը  5-օրեայ ժողովներու աւարտին ընտրած է Կեդրոնական Կոմիտէի նոր կազմ։

Այս մասին  «Արեւելք»ին յայտնեցին Պէյրութէն։

Մեր  ունեցած  տեղեկութիւններուն հիմամբ՝  ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցչի  պաշտօնը  վերստանձնած է ՝ Յակոբ Բագրատունի։

Նշենք, որ  ժողովը  անցնող օրերուն քննարկած է Լիբանանի  կազմակերպական կեանքը  յուզող խնդիրներ,  անդրադառնալով երկրի ընկերային-տնտեսական ծանր պայմաններուն, ինչպէս նաեւ   կարեւոր տեղ յատկացուցած Հայաստանի վերջին զարգացումներուն ու  այս օրերուն ամբողջ հայութիւնը  յուզող հիմնախնդիրներուն։