Կապոնի մէջ գործունէութիւն ծաւալող Լիբանանցի գործարար Հասան Ժապէր անյետացած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը տարածած են լիբանանեան լրատուական կայաններ նշելով նաեւ, որ արդէն չորրորդ օրն է, որ Ժապէրի գտնուած վայրը յայտնի չէ։
Կը նշուի նաեւ, որ գործարարը Եթովպիոյ վրայով Պէյրութ կը վերադառնար եւ Կապոնէն Ատիս Ապէպա վայրէջք կատարած օդանաւին վրայ էր։
Աւելի ուշ նաեւ պարզ դարձած է, որ Եթովպիոյ ապահովական մարմիններ հարցաքննած են Ժապէրը ու անկէ ետք անոր հետքը կարելի չէ եղած գտնել։
Իր կարգին «Ալ Ախպար» պարբերականը, որ այս մասին ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է, այսօրուան իր թիւով գրած է, որ չի բացառուիր, որ Ժապէրի անհետացման դէպքը ու աւելի վաղ անոր հարցաքննութիւնը կապ ունին Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեան մարմիններուն ՝ «Մոսատ»ի հետ։
Թերթն անշուշտ զուգահեռներ կը գծէ լիբանանցի այլ յայտնի գործարար Քասէմ Թաժ Էլ Տինի անյետացման դէպքին հետ յիշեցնելով, որ այս դէպքերը կը կատարուին «Հըզպալլա»ի դէմ օղակը սեղմելու միտող աշխատանքներու ծիրին մէջ։
Կը նշուի նաեւ, որ լիբանանեան «Նապաթիյէ» շրջանէն եղող Ժապէր, որն ունի դրամական մեծ հնարաւորութիւններ նոյնպէս հարցաքննուած էր Կապոնի մարմիններուն կողմէ եւ այդ մարմինները մանրամասն տեղեկութիւններ պահանջած էին անոր գործունէութեան վերաբերեալ։
Իսրայէլի փափաքով եւ Միացեալ Նահանգներու «օրհնութեամբ» եղող եւ «Հըզպալլա»ն թիրախ դարձնող բոլոր փորձերը կը միտին լիբանանեան կազմակերպութիւնը դարձնել տնտեսապէս պաշարուած եւ դրամական անկարողութեան մատնուած կազմակերպութիւն մը։