image

Հակառակ դժուարին պայմաններուն Պալեաններու յոյսը՝ Հայաստանն է

Հակառակ դժուարին պայմաններուն Պալեաններու յոյսը՝ Հայաստանն է

 Տարբեր առիթներով գրած ենք  արմատներով Կուտինայէն եւ Հայոց Մեծ Եղեռնի հետեւանքով Երուսաղէմ հաստատուած Պալեաններու մասին։

 Յախճապակիի յատուկ արուեստով, երանգներով եւ ոգիով իրենց ուրոյն ստորագրութիւնը վաստակած Պալեաններու աւանդը այսօր ալ կը շարունակուի. Կը շարունակուի շնորհիւ ընտանիքի հօր՝ Նշան Պալեանին եւ անոր հովանիով գործող ընտանիքի անդամներուն։

  Այս բոլորին առընթեր ամէնէն ուշագրաւն այն է, որ Պալեանները վճռած են ամէն գնով իրենց արուեստ-արհեստը բերել Հայաստանի ու նաեւ Աշտարակ քաղաքին մէջ հիմնել  արուեստանոց։

 Արուեստանոց, որ նախ եւ առաջ պիտի սատարէ մեր երկրի զարգացման ու նաեւ Պալեաններու շնորհաշատ ձեռքերով պատրաստուող յախճապակեայ սպասներ եւ իրեր պատրաստելու արուեստը փոխանցելու հայրենի երիտասարդութեան։

  Ու հակառակ «Քովիտ»ով պայմանաւորուած դրութեան ու նաեւ ամբողջ հայութիւնը բարդ դրութեան  մատնած  աղէտալի պատերազմին Պալեանները կը շարունակեն քրտնաջան կերպով գործել եւ կ՚ընեն ամէն ինչ, որ Աշտարակի աշխատանոց-արուեստանոցը ոտքի կանգնի եւ անցնի իր առաքելութեան։

 Ի դէպ այս նախաբանին հիմնական առիթ հանդիսացաւ Հայաստանի մէջ օրերս թողարկուած «Հայերն այսօր» կայքի պատրաստած ամփոփ, բայց եւ այնպէս հաղորդական ռէբորթաժը։

  Մնացածն արդէն՝ տեսանիւթին մէջ։


Տեսանիւթը՝  Արփի Մայիլեանի/«Հայերն Այսօր»