Լիբանանահայութիւնը այսօր տեղի ունեցած ռատիօթոնին ճամբով 90.560 ամերիկեան տոլար հաւաքած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի այս տարուան «Բերքառատ Արցախ» ծրագրին:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն:
Նշենք, որ ռատիօթոնը այսօր սփռուած է պէյրութահայ ռատիօկայաններէն եւ ամբողջ օրը տեղի ունեցած հանգանակութեան արշաւին շնորհիւ գաղութը յաջողած է 90.560
տոլար հաւաքել:
Յիշեցնենք, որ մասնաւորապէս վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Լիբանան կ'ապրի քաղաքական սուր տագնապ մը բան մը, որ վստահօրէն իր ժխտական անդրադարձն ալ ունեցած է այսօր կատարուած հանգանակութեան արշաւին: