image
Հրատապ լուրեր:

Տասը միլիոն տոլար. Պելառուսիոյ նախագահը պատմած է զինք ահաբեկելու ծրագրին մասին

Տասը միլիոն տոլար. Պելառուսիոյ նախագահը պատմած է զինք ահաբեկելու ծրագրին մասին

Պելառուսիոյ նախագահ՝ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն շաբաթ օր, լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարած է, որ զինք ահաբեկելու համար, մահափորձի կազմակերպիչները 10 միլիոն տոլար յատկացուցած են:

Ինչպէս կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, Լուքաշենքոյի խօսքով՝ զինուած անձերը պէտք է յարձակէին իր քաղաքէն դուրս գտնուող նստավայրին վրայ: Այդ նպատակի իրականացման համար յատկացուած էր 10 միլիոն տոլար, եւ դիպուկահարի ծառայութիւններուն համար՝ 1 միլիոն տոլար:

«Մենք այդ արդէն վաղուց տեսած ենք: Կը կարծէք, որ այդ գործողութիւնը Մոսկուայի մէջ պարզապէս այնպէս իրականացուցած ենք: Մենք հետեւած ենք անոնց, անոնք պէտք է ժամանէին Մինսք եւ իրականացնէին այդ գործընթացը»,- ըսած է պելառուս ղեկավարը:

Վերջինիս հաղորդմամբ՝ դաւադիրները մտադիր էին ահաբեկել զինք մայիս 9-ին կայանալիք շքերթի ժամանակ՝ պետական յեղաշրջման երեք տարբերակ դիտարկելով:

Լուքաշենքոն յայտարարած է, որ կազմակերպիչները կը ցանկային արգելափակել Մինսքը՝ բանակի միջոցով եւ անջատել մայրաքաղաքի ելեկտրականութիւնը: 

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Լուքաշենքոն յայտնած էր, որ Մոսկուայի մէջ ձերբակալուած են իր եւ իր երեխաներու դէմ յարձակում նախապատրաստող մարդիկը: