Լիբանանի ելեւմտական շրջանակներուն մէջ քաջածանօթ անուն հանդիսացող Մկրտիչ Պուլտուքեանի նորատիպ հատորը օրերս ներկայացուած է Կիպրոսի մէջ։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Կիպրոսէն։
Մեր տուեալներով Պուլտուքեանի Պէյրութի մէջ հրապարակուած «Armenian Bankers» In The Ottoman Empire հատորը (անգլերէն) հանրութեան ներկայացուած է երկուշաբթի, 12 յունիս, 2018-ի, երեկոյեան, Կիպրոսի Դրամատան Մշակութային հաստատութեան մէջ։
Միջոցառման ներկայ եղած են Կիպրոսի Խորհրդարանի հայ ներկայացուցիչ տիար Վարդգէս Մահտեսեան եւ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Մոմիկ քհնյ. Հապէշեան։
![]()
Օրուայ բանախօսները եղած են Կիպրական Դրամատան մշակութային հաստատութեան ատենապետ՝ Պրն. Սիմէոն Մաթսիս եւ Կիպրոսի Համալսարանի դասախօս՝ Պրն. Թոմաս Ալեքսանտր։ Բանախօսները իրենց խօսքերով ներկայացուցած են Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին ելեւմատական ոլորտին մէջ հայազգի գործիչներու ունեցած դերը, ինչպէս նաեւ կարեւոր նշումներ կատարած են Պուլտուքեանի կատարած ուսումանսիրութեան մասին։
Ապա խօսք առած է հատորի հեղինակ Մկրտիչ Պուլտուքեան, որ ներկաներուն մանրամասնկերպով տեղեկութիւններ փոխանցած իր հեղինակած նորատիպ հատորին մասին։ Միջոցառման ընթացքին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեանի ներկայացուցիչ Տ. Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանը։
![]()
Նշենք, որ սոյն ձեռնարկը կազմակերպուած է Կիպրոսի «Մուֆլոն» գրատան ճիգերով։