image

Լիբանան. Ընտրութեան թանաքի արժէքը՝ 1 միլիոն տոլլար

Լիբանան. Ընտրութեան թանաքի արժէքը՝ 1 միլիոն տոլլար

Յառաջիկայ ընտրութիւններու «պէտքեր»ու՝ թանաք, ձեռնոց, կարմիր մոմ, հեռատեսիլ եւայլնի ընդհանուր արժէքը կազմած է աւելի քան երկու միլիոն չորս հարիւր հազար ԱՄՆ տոլլար, որմէ մէկ միլիոն տոլարը միայն թանաքի արժէքն է:  Այս մասին կը գրէ «Ալ-Ժատիտ», նշելով, որ  եօթ հազար SAMSUNG մակնիշի հեռատեսիլի ընդհանուր արժէքը նոյնպէս կ'անցնի մէկ միլիոն տոլարը:

Ինչպէս նշած է «Ալ-Ախպար» թերթը, մինչեւ ընտրութիւններու օրը եղած ժամանակի սղութեան պատրուակով, նախարարութիւնը գնումներու գործընթացի մրցոյթային յայտեր չէ կազմակերպած, խախտելով օրէնքը:

Ըստ թերթի, Ներքին գործոց նախարարութեան եւ քաղաքապետարաններու գնման բաժնի կողմէն հրապարակուած փաստաթուղթերուն համաձայն, քուէարկութեան համար յատուկ թանաքի մէկ տուփի արժէքը հասած է մօտ 80,000 լիբանանեան դրամի, որ համարժէք է  53 $-ի: Ներքին գործոցի համաձայն, 20 հազար տուփ պէտք է, ինչը կը նշանակէ որ միայն թանաքի արժէքը կը կազմէ 600 միլիոն լիրա, այսինքն՝ մէկ միլիոն եւ 60 հազար տոլար: Սակայն շուկաներուն մէջ ուսումնասիրելով այդ նոյն տեսակի թանաքի գիները, պարզուած է, որ  մէկ տուփի գինը 7-11 տոլարի մէջ եղած է: