Ռուսաստանի Դաշնութեան ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամը կը նախատեսէ մայիսին, Հնդկաստան ուղարկել ռուսական « Սփութնիք-V » հակաքորոնաժահրային պատուաստի մօտ 3 միլիոն դեղաչափ։
Այս մասին BBC հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է հիմնադրամի ղեկավար՝ Քիրիլ Տմիթրիեւը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Այսօր մենք պատուաստի առաջին խմբաքանակը ուղարկած ենք՝ շուրջ 150 հազար դեղաչափ: Բայց մենք կը նախատեսենք այս ամիս մատակարարել մօտ 3 միլիոն դեղաչափ»,- ըսած է Ռուսաստանի ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի նախագահը եւ աւելցուցած, թէ Հնդկաստանի մէջ կը սկսի «Սփութնիք-V»-ի լայնածաւալ արտադրութիւն:
Ըստ նախնական ծրագիրին՝ մինչեւ յունիս-յուլիս ամիսները ամսական մօտ 50 միլիոն դեղաչափ պատուաստ պիտի արտադրուի երկրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին Հնդկաստանի վարչապետ՝ Նարենտրա Մոտիի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտած էր Հնդկաստանին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի համար հրատապ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու որոշման մասին:
Աւելի վաղ նշուած էր, թէ « Սփութնիք-V»-ն Հնդկաստանի մէջ կիրառուող երրորդ պատուաստն է: Բացի այդ, երկրին մէջ կ'օգտագործուի բրիտանա-շուէտական AstraZeneca եւ հնդկական Bharat Biotech ընկերութիւններու մշակած դեղամիջոցները:
Լուրը՝ Tert.am-էն